Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բոլոր Դերակատարները Պէտք Է Շուտափոյթ Եւ Պատշաճ Քայլեր Ձեռնարկեն․ ՄԻՊ-ը՝ Ռուբէն Վարդանեանի Մասին

Բոլոր Դերակատարները Պէտք Է Շուտափոյթ Եւ Պատշաճ Քայլեր Ձեռնարկեն․ ՄԻՊ-ը՝ Ռուբէն Վարդանեանի Մասին

by MassisPost

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը բազմիցս խօսած է Ատրպէյճանի մէջ ազատութենէն ապօրինի զրկուած հայերու նկատմամբ իրականացուող գործընթացներու ոչ թէ պարզապէս խնդրահարոյց ըլլալու, այլ մարդու իրաւունքներու համընդհանուր սկզբունքներու եւ արժէքներու, միջազգային իրաւական չափանիշերու կոպտագոյն խախտումներով իրականացուելու մասին: Այս մասին civic.am-ի հարցումին ի պատասխան ըսաւ ՄԻՊ խորհրդական Արթուր Ասլանեան։

Վերջինս նշեց, որ ընկերային ցանցերու մշտադիտարկումներու բերումով մտահոգիչ տեղեկութիւններ ստացուած են Ռուբէն Վարդանեանի առողջական վիճակի վատթարացման եւ խոշտանգման մասին․ «Իրավիճակի հետ կապուած՝ Անահիտ Մանասեանի յանձնարարութեամբ աշխատակազմում իրականացուել են եւ շարունակւում են իրականացուել համապատասխան քայլեր ՄԻՊ լիազօրութիւնների շրջանակներում:

«Հաշուի առնելով հարցի զգայունութիւնը եւ Պաշտպանի աշխատակազմի՝ «չվնասելու սկզբունքով» աշխատելու կարեւորութիւնը՝ վերոնշեալ գործընթացների վերաբերեալ այլ մանրամասները հրապարակայնօրէն ներկայացնելն այս պահին նպատակայարմար չենք համարում։

«Մարդու իրաւունքների պաշտպանն ընդգծում է, որ ոլորտում մանտաթ ունեցող բոլոր դերակատարները պէտք է շուտափոյթ եւ պատշաճ քայլեր ձեռնարկեն խնդրի հասցէաւորման ուղղութեամբ։

«Պաշտպանն իր մանտաթի ներքոյ շարունակում է հասցէագրել այս բոլոր խնդիրները մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան մանտաթ ունեցող դերակատարներին»,- նշեց Ալսանեան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment