Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Ռազմարդիւնաբերական Արտադրանքը Պիտի Ներկայացուի Միջազգային Ցուցահանդէսին

ՀՀ Ռազմարդիւնաբերական Արտադրանքը Պիտի Ներկայացուի Միջազգային Ցուցահանդէսին

by MassisPost

ՀՀ ռազմարդիւնաբերական ոլորտի 11 ընկերութիւններ Փետրուար 17-21-ին  Ապու Տապիի մէջ կազմակերպուած   պաշտպանական արտադրանքի միջազգային ցուցահանդէսին պիտի ներկայացնեն բարձր, տեղեկատուական, պաշտպանական եւ ռազմական նշանակութեան արհեստագիտութիւններու, ճարտարապետական լուծումներու ուղղութեամբ Հայաստանի վերջին ձեռքբերումներն ու ներուժը։

Այս մասին յայտնած են ՀՀ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութենէն, որ «Այտեքս 2025» (IDEX 2025) ցուցահանդէսին մասնակցութիւնը նպատակ ունի միջազգայնացնել հայկական պաշտպանական արտադրանքը։

ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանի գլխաւորութեամբ՝ գերատեսչութեան պատուիրակութիւնը եւս Փետրուար 16-21-ին պիտի գտնուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ`   միջազգային պաշտպանական այս համաժողովին եւ ցուցահանդէսին մասնակցելու նպատակով:

Պիտի ցուցադրուին ոչ միայն արդէն պատրաստի արտադրանք ու ծրագրեր, այլեւ հեռանկարային նախագիծեր, որոնք կրնան դիւրացնել տուեալ ոլորտներուն մէջ նոր համագործակցութիւններու մեկնարկն ու ընդլայնումը:

ՀՀ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը 3-րդ անգամ անընդմէջ ցուցահանդէսին կը մասնակցի «Հայաստան (ARMENIA)» միասնական տաղաւարով։

Ցուցահանդէսը տեղի կ’ունենայ երկու տարին մէկ անգամ եւ կը հանդիսանայ աշխարհի մեծագոյն պաշտպանական ցուցահանդէսներէն մէկը, ուր այս տարի կը սպասուին շուրջ 150 հազար այցելուներ։

Միջոցառման, Փետրուար 16-ին, նախորդած է Միջազգային Պաշտպանական Համաժողովը (IDC), որուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պաշտպանութեան հարցերով պետական նախարար Մոհամմատ պըն Մուպարաք պըն Ֆատէլ Ալ-Մազրուէի հրաւէրով  մասնակցած եւ «Ապատեղեկատուութիւն եւ ազդեցութեան գործառնութիւններ» խորագրով քննարկման ծիրին մէջ որպէս բանախօս հանդէս եկած նախարար Մխիթար Հայրապետեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment