Ատրպէյճանի համար մեծ ռազմական գործողութեան անցնիլը շատ արկածախնդրական պիտի ըլլայ, աւելի հաւանական բեմագիրը այն է, որ Ատրպէյճանը սպառնայ ուժ կիրառել ու ձեռնարկէ փոքր ծաւալի ռազմական գործողութիւն, «Ազատութեան» հետ զրոյցին նման կարծիք յայտնեց Կովկասի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հարցերով առաջատար փորձագէտ Թոմ տէ Վաալը, արձագանգելով այն մտահոգութիւններուն, թէ Ատրպէյճան կրնայ դիմել ռազմական գործողութիւններու՝ ստիպելու Հայաստանին տրամադրել այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը» յատկապէս հաշուի առնելով նաեւ Պաքուի յարձակողական հռետորաբանութիւնը։
Պաքու կը շարունակէ Հայաստանէն ճանապարհ պահանջել, որ Ատրպէյճանը պիտի կապէ Նախիջեւանին ու այն պիտի ըլլայ առանց մաքսային հսկողութեան ու անխոչընդոտ: Երեւանն ալ կը պնդէ, որ այդ ճանապարհները պէտք է գործեն երկիրներու ինքնիշխանութեան ներքոյ:
Ըստ փորձագէտին՝ ինք Պաքուէն հետեւեալ ուղերձը ստացած է՝ «մենք շատ չենք շտապեր, մենք իրականութեան մէջ ստացած ենք գրեթէ այն ամէնը, ինչ կ’ուզէինք, խաղաղութեան պայմանագիրը լաւ կ’ըլլար, եթէ ըլլար, բայց եթէ մենք չստանանք այն ամէնը, ինչ կ’ուզենք, մենք կը սպասենք»:
«Իսկ Երեւանի մէջ ես առաւելապէս տպաւորութիւն ստացայ, որ պարոն Փաշինեանը արդէն նախընտրական քարոզարշաւի մէջ է։ Ան չի պատրաստուիր այլեւս զիջումներու երթալու։ Ան կը զգայ, որ բաւականին շատ զիջումներու գացած է, եւ, հետեւաբար, իմ կարծիքովս, պատրաստ չէ աւելի շատ զիջումներու երթալու Ատրպէյճանին»,- «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ Թոմ տէ Վաալ:
ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը գաղտնազերծած է փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն՝ 90-ականներու վերջը Ռոպերթ Քոչարեանն ու Հէյտար Ալիեւը գլուխ-գլխի՝ առանց միջնորդներու, համաձայնութեան եկած էին լուծելու Ղարաբաղեան խնդիրը տարածքներու փոխանակմամբ` Մեղրին Ղարաբաղի դիմաց։ Թէեւ այդ բանակցութիւնները այդպէս ալ չեն աւարտած որեւէ փաստաթուղթի ստորագրմամբ։
Հարցումին, թէ ինչպէ՞ս այս բացայայտումը կը վերափոխէ տարածքային զիջումներու շուրջ առկայ խօսակցութիւնը, Թոմ տէ Վաալ պատասխանեց, որ Հայաստան արդէն կորսնցուցած է Ղարաբաղը, այնպէս որ Սիւնիքը առեւտուրի առարկայ չի դարձներ։