Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանիա Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Հայաստանի՝ Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղուած Քայլերուն. Հանդիպած Են Փաշինեան Եւ Շոլց

Գերմանիա Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Հայաստանի՝ Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղուած Քայլերուն. Հանդիպած Են Փաշինեան Եւ Շոլց

by MassisPost

Միւնիխիի Անվտանգութեան համաժողովի շրջանակին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Դաշնային վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ:

Վարչապետ Փաշինեան առողջութիւն մաղթած է Միւնիխի մէջ օրերս տեղի ունեցած միջադէպէն տուժածներուն:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Հայաստան-Գերմանիա երկկողմ յարաբերութիւններուն օրակարգը եւ բազմոլորտ համագործակցութեան խորացման հեռանկարները:

Վարչապետ Փաշինեան կարեւորած է երկկողմ կապերու ընդլայնումն ու առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացումը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան հարցերուն:

Վարչապետ Փաշինեան ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերը, այդ ծիրին մէջ մանրամասնութիւններ հաղորդած է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութեան` հիմնուած ինքնիշխանութեան, իրաւազօրությեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքների հիման վրայ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի զարգացումներուն մասին:

Վարչապետ Շոլց իր հերթին նշած է, որ Գերմանիա պատրաստ է շարունակելու աջակցիլ Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգին, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած քայլերուն:

Հանդիպման աւարտին կողմերը վերահաստատած են փոխգործակցութեան խորացման պատրաստակամութիւնը եւ կարեւորած են երկկողմ քաղաքական երկխօսութեան շարունակականութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment