Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ Կիրակի օր՝ Փետրուար 16-ին, Երուսաղէմի մէջ այցելած է Սուրբ Յարութեան տաճար։ Այս մասին հաղորդած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը:
«Կիրակի, 16 Փէտրուար 2025-ի առաւօտուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար՝ տիար Մարքօ Ռուպիօ կատարեց իր առաջին պաշտօնական այցը Սուրբ Յարութեան Տաճար:
«Դիմաւորման արարողութեան Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան կողմէ ներկայ էին դիւանապետ՝ հոգեշնորհ Տ. Աղան վարդապետ Գոգչեան եւ Սուրբ Յարութեան տաճարի նախկին տեսուչ՝ հոգեշնորհ Տ. Սամուէլ ծ. վարդապետ Աղոյեան»,- ըսուած է պատրիարքութեան ֆէյսպուքեան գրառման մէջ: