Քաղաքացին կրնայ գտնել խորհրդականի, գլխաւոր տնօրէնի, բաժնի պետի, ինչպէս նաեւ մանկավարժի, բժիշկի, հաշուապահի, հոգեբանի, դաստիարակի, խոհարարի եւ շարք մը այլ մասնագիտություններով աշխատանք ինչպէս պետական համակարգին, այնպէս ալ մասնաւոր հատուածին մէջ՝ e-work.am հարթակով․ աշխատավարձին չափը՝ քանի մը հարիւր հազարէն մինչեւ աւելի քան մէկ միլիոն դրամ։
Այս մասին յայտնած է ՀՀ Աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարարութիւնը:
Փետրուար 10-ի դրությամբ e-work.am-ի վրայ հրապարակուած է 737 թափուր աշխատատեղի յայտ․ գրանցուած է 2814 ֆիզիքական անձ։
Հարթակէն կրնան անվճար օգտուիլ բոլորը՝ ե՛ւ աշխատանք փնտռող անձեր, ե՛ւ գործատուները։
Աշխատանք փնտռողները հնարաւորութիւն ունին ծանօթանալու Երեւանի ու մարզերուն մէջ առկայ թափուր աշխատատեղերուն, ստեղծելու իրենց ինքնակենսագրականը եւ գտնելու իրենց մասնագիտական կարողութիւններուն համապատասխան աշխատանք՝ ուղիղ կապ հաստատելով գործատուներու հետ։
Գործատուները կրնան հարթակին վրայ տեղադրել իրենց կազմակերպութեան մէջ առկայ թափուր հաստիքներու վերաբերեալ յայտարարութիւններ, ծանօթանալ տարբեր ոլորտներու մէջ աշխատանք փնտռող անձերու ինքնակենսագրականներուն եւ գտնել անհրաժեշտ մասնագիտական որակներուն համապատասխան աշխատակից։