Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Արտաքին Պարտքը Ոչ Թէ 12 Միլիառ Տոլար Է, Այլ՝ 5,96 Միլիառ Տոլար․ Տնտեսութեան Նախարար

Հայաստանի Արտաքին Պարտքը Ոչ Թէ 12 Միլիառ Տոլար Է, Այլ՝ 5,96 Միլիառ Տոլար․ Տնտեսութեան Նախարար

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան հերքած է տարածուող տեղեկութիւնները, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին պարտքը հասած է 12 միլիառ տոլարի։ Նախարարը այս մասին ըսած է Ֆէյսպուքի իր էջով հրապարակուած տեսանիւթին մէջ։

«Վերջերս շատ եմ ստանում նամակներ ձեզանից, մեկնաբանութիւններ ընկերային ցանցերի էջերում, նաեւ անհանգստութիւններ, որ ի՞նչ ենք անելու կամ ինչպէ՞ս եղաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին պարտքը դարձաւ 12 միլիառ տոլար։

«Սիրելի հայրենակիցներ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին պարտքը 12 միլիառ տոլար չէ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին պարտքը 5 միլիառ 962 միլիոն տոլար է։ Այն մարդիկ, որոնք տարածում են այդ 12 միլիառ տոլար թիւը, կամ տեղեկացուած չեն կամ միտումնաւոր են մանիփուլացնում, որպէսզի քաղաքական միաւորներ շահեն ձեզ սխալ տեղեկատուութիւն տալու միջոցով»,- ըսած է Պապոյեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment