Կառավարությեան՝ Փետրուար 13-ի նիստի օրակարգին վրայ ներառուած երեք որոշումներով Հայաստանի Հանրապետութեան վերադարձուած է եւս 7 միաւոր գոյք:
Աննա Վարդապետեանը կառավարութեան նիստին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է պետութեան ու համայնքներուն վերադարձուած գոյքերու, դրամական միջոցներու վերաբերեալ:
Մասնավորապէս.
1. Հակափտածութեան դատարանի 2024 թուականի Յուլիս 2-ի վճիռով բաւարարուած էր Գլխաւոր դատախազութեան Պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան հայցը: Վճիռի հիման վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերադարձուած է Երեւան քաղաքի Ծիծեռնակաբերդի խճուղիին յարող տարածքին մէջ գտնուող՝ 12.400 քմ մակերեսով հողամասը:
2-3. Հակափտածութեան դատարանի 2024 թուականի Նոյեմբեր 1-ի վճիռով բաւարարուած էր Գլխաւոր դատախազութեան Պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան հայցը: Վճիռի հիման վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութեան իրաւունքը գրանցուած է երկու գոյքի՝ Կոտայքի մարզի Աղաւնաձոր համայնքի Աղաւնիի աղբիւր թաղամասի թիւ 29 հասցէով գտնուող՝ հանգիստի համար նախատեսուած, «յատուկ պահպանուող տարածք» նպատակային նշանակութեամբ 5000 քմ մակերեսով եւ նոյն թաղամասի թիւ 30 հասցէով գտնուող 4997 քմ մակերեսով հողամասերու նկատմամբ:
4. Հակափտածութեան դատարանի 2024 թուականի Նոյեմբեր 1-ի վճիռով բաւարարուած էր Գլխաւոր դատախազութեան Պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան հայցը: Վճիռի հիման վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութեան իրաւունքը գրանցուած է Կոտայքի մարզի Աղաւնաձոր համայնքի Աղաւնիի աղբիւր թաղամասի 8 հասցէով գտնուող՝ հանգիստի համար նախատեսուած, «յատուկ պահպանուող տարածք» նպատակային նշանակութեամբ 2 հա մակերեսով հողամասի նկատմամբ:
5-6. Հակափտածութեան դատարանի 2024 թուականի Յունուար 12-ի վճիռով բաւարարուած էր Գլխաւոր դատախազութեան Պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան հայցը: Վճիռի հիման վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութեան իրաւունքը գրանցուած է երկու գոյքի՝ Ծաղկաձոր քաղաքի Մ. Մկրտչեան փողոցի 32/1 հասցէով գտնուող 26.700 քմ մակերեսով եւ նոյն փողոցի 36/1 հասցէով գտնուող 26.400 քմ մակերեսով հողամասերու նկատմամբ:
7. Հակափտածութեան դատարանի 2024 թուականի Սեպտեմբեր 19-ի վճիռով բաւարարուած էր Գլխաւոր դատախազութեան Պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան հայցը: Վճիռի հիման վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութեան իրաւունքը գրանցուած է Կոտայքի մարզի Չարենցաւան համայնքի Արզական բնակավայրի թիւ 22 հասցէով գտնուող՝ հանգիստի համար նախատեսուած, «յատուկ պահպանուող տարածք» նպատակային նշանակութեամբ 30.000 քմ մակերեսով հողամասի նկատմամբ:
ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանի խօսքով՝ նշուած գոյքերու շուկայականին մօտարկուած կադաստրային արժէքը շուրջ 1 միլիառ 732 միլիոն դրամ է:
Աննա Վարդապետյեանի տեղեկացմամբ՝ 2023-2024 թուականներու ընթացքին Դատախազութեան երկու բացառիկ լիազօրութիւններու՝ պետական եւ համայնքային շահերու պաշտպանութեան եւ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման շրջանակին մէջ, պետութեան վերադարձուած գոյքերու շուկայական արժէքի եւ դրամական միջոցներու հանրագումարը կը գերազանցէ 30 միլիոն ԱՄՆ տոլարը: