Ազգային Ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեան, խօսելով ընդդիմութեան կողմէ փողոցային պայքարը վերսկսելու հաւանականութեան մասին, չի բացառեր, թէ որեւէ պահի կրնան որոշակի իրադարձութիւններ ծաւալիլ, այդ շարքին՝ փողոցը։
Տիգրան Աբրահամեան այդ մասին ըսած է խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ընթացքին՝ պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք ընդդիմութիւնը իշխանութիւններուն դէմ փողոցային պայքարը վերսկսելու ծրագրեր ունի՞։
Պատգամաւորին խօսքով՝ յատկապէս խորհրդարանական ուժերու պարագային շատ աւելի մեծ վերլուծութեան հարց է, թէ ո՞րն է այդ պահի պայքարի կամ այդ պահի նպատակներուն հասնելու յաջողութիւնը, եւ այն, թէ ուր անոնք կրնան արտայայտուիլ՝ խորհրդարանի՞ն, մարզերո՞ւն, թէ՞ փողոցին մէջ։
«Այն, որ մեր երկրում կայ հասունացած բողոք եւ դա արտայայտւում է ոչ միայն ընկերա-տնտեսական տաբեր իրավիճակներով, այլեւ անվտանգութեան հետ կապուած, Արցախի հետ կապուած, Հայաստանի տարբեր հատուածների, շրջանների՝ ատրբեջպէյճանական բռնագրաւման հետ կապուած եւ, առհասարակ, արտաքին քաղաքականութեան ճարտարապետութեան հետ կապուած, դա ակնյայտ է։ Իրականում, հիմքեր կան ասելու, թէ որեւէ պահի, այդ թւում՝ այս գարնան ժամանակահատուածում, կարող են որոշակի իրադարձութիւններ ծաւալուել, այդ թւում՝ փողոցում»,- ըսաւ Աբրահամեան։