ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր առանձնատան մէջ հանդիպած է Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանիի հետ:
ՀԱԿ առաջնորդի մամուլի խօսնակ Արման Մուսինեանի փոխանցմամբ՝ զրոյցը տեւած է շուրջ մէկուկէս ժամ, շօշափուած են հայ-իրանեան յարաբերութիւններու ներկայիս իրավիճակը եւ անոնց խորացման հեռանկարները։
«Նախագահն իր հիացմունքն է արտայայտել պարոն դեսպանի՝ օրերս հրաւիրած չափազանց բովանդակալից ասուլիսի վերաբերեալ»,- ըսուած է Մուսինեանի ֆէյսպուքեան գրառման մէջ:
Մեհտի Սոպհանին ասուլիսի ժամանակ յայտնած էր, որ «Զանգեզուրի միջանցքը» վնաս է ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Իրանին: Թեհրան դէմ է որեւէ ճանապարհի, որ կ’ըլլայ միջանցքի տրամաբանութեամբ, շեշտած էր ան:
«Տարածաշրջանի երկիրներէն միայն Իրանն է, որ այս հարցով կանգնած է Հայաստանի կողքին: Մենք Հայաստանի հետ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցով տարաձայնութիւն չունինք ու միատեսակ կը մտածենք»,- նշած էր դեսպանը: