Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մեր Ատրպէյճանցի Եղբայրները Կ’ուսումնասիրեն՝ «Զանգեզուրի Միջանցքը» Պիտի Անցնի Հայաստանի, Թէ Իրանի Տարածքով. Ուրալօղլու

Մեր Ատրպէյճանցի Եղբայրները Կ’ուսումնասիրեն՝ «Զանգեզուրի Միջանցքը» Պիտի Անցնի Հայաստանի, Թէ Իրանի Տարածքով. Ուրալօղլու

by MassisPost

«Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի արեւելեան շրջաններու միջանցքը այսպէս թէ այնպէս պիտի օգտագործուի, այդ նպատակով կրնայ երթուղի ընտրուիլ Հայաստանով կամ Իրանով: Այս ամէնը ընթացող բանակցութիւններու առարկայ է»:

Թրքական «CNN Turk» հեռուստաալիքի եթերով ըսած է Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն՝ մեկնաբանելով, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման թեման։

Անոր խօսքով, Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութիւններու բացման հարցի շուրջ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ երկխօսութեան հետ մէկտեղ օրակարգի վրայ է Իրանի տարածքով այլընտրանքային ճանապարհը։

«Այս հարցը կը գտնուի մեր ատրպէյճանցի եղբայրներու վերահսկողութեան տակ։ Անքարան նոյնպէս կը հետեւի այս գործընթացին»,- ըսած է Թուրքիոյ Փոխադրութեան նախարարութեան ղեկավարը։

Ուրալօղլուն նշած է, որ Թուրքիա շահագրգռուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններու շուտափոյթ աւարտով եւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմամբ։

«Ի հարկէ, օրակարգը յառաջ տանելով կարեւոր է հաշուի առնել պետութիւններու ազգային անվտանգութեան խնդիրները։ Մեզի համար կարեւոր է, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ լարուածութիւնը թուլնայ»,- ըսած է թուրք նախարարը։

Ուրալօղլուն այնուհետեւ ընդգծած է, որ Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ ապրանքներու մատակարարման այս ուղին առկայ այլընտրանքներէն ամենաեկամտաբերն է, ամենաանվտանգը եւ ամենակարճը, զայն կոչել «միջին միջանցք»:

«Միջին միջանցքի երկայնքով առաքման ժամկէտը կը գնահատուի 18 օր: Յայտարարուած է նաեւ վերջնաժամկէտ՝ 14 օր։ Կ’ուզեմ նշել, որ Թուրքիոյ դիրքը Եւրասիոյ մէջ առեւտրային մատակարարման ուղիներու համար առաւել շահաւէտն է»,- յաւելած է երկրի Փոխադրութեան նախարարութեան ղեկավարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment