Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արեւմուտքի Կողմէ Հայաստանի Օգտին Եւ Ատրպէյճանի Դէմ Հանդէս Գալը Բարոյական Պարտաւորութիւն Է․ Շուէտ Պատգամաւոր

Արեւմուտքի Կողմէ Հայաստանի Օգտին Եւ Ատրպէյճանի Դէմ Հանդէս Գալը Բարոյական Պարտաւորութիւն Է․ Շուէտ Պատգամաւոր

by MassisPost

Շուէտ պատգամաւոր Էրիք Հելսպորն Շուէտին եւ Արեւմուտքի մնացած երկիրներուն կոչ ըրած է հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ աջակցելու Հայաստանին եւ Պաքուի վարչակարգին հասկցնելու, որ չեն ընդունիր, թէ Ատրպէյճանը ինչպէս կը վերաբերի սեփական բնակչութեան ու հարեւան երկիրներուն:

Պատգամաւորը այս մասին նշած է՝ ելոյթ ունենալով Շուէտի խորհրդարանին մէջ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ ամէնամեայ քննարկման ժամանակ։

Խօսելով Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին մասին՝ ան Արեւմուտքին կոչ ըրած է աջակցելու Հայաստանին՝ յանուն ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ աւելի ուժեղ Եւրոպայի եւ աւելի ուժեղ արեւմտեան քաղաքակրթութեան։ Շուէտ պատգամաւորը իր ելոյթին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը անուանած է բռնապետ՝ ընդգծելով, որ վերջինս կ’ահաբեկէ իր հարեւան Հայաստանը։

«Այստեղէն քանի մը հարիւր մղոն հեռաւորութեան վրայ նստած է բռնապետ մը: Բռնապետ, որ կ’ահաբեկէ իր հարեւան երկիրը, աւելի փոքր դեմոկրատական պետութիւնը, որ իր հայեացքը ուղղած է դէպի Արեւմուտք։ Բռնապետը կ’ըսէ, որ հարեւան երկիրը կը վերահսկուի ֆաշիստներու կողմէ, ան կ’ըսէ, որ պէտք է ոչնչացնէ այս իբր ֆաշիստները։ Բռնապետը կը բողոքէ նաեւ Արեւմուտքի ժողովրդավարական պետութիւններուն դէմ, որոնք կ’աջակցին փոքր հարեւան երկրին։ Ան կ’ըսէ, որ անոնց օգնութեամբ այդ փոքր երկիրը կը սպառնայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան»,- իր ելոյթին մէջ նշած է Հելսպորն։

Ներկայացնելով Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները՝ շուէտ պատգամաւորը յիշեցուցած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը երկար տասնամեակներ եղած են Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններ, բայց 1990-ականներէն արդէն անկախ պետութիւններ են։

«Մինչ քրիստոնեայ Հայաստանը զարգացած է ժողովրդավարական ուղղութեամբ, եւ այսօր ունի իշխանութիւն, որ ապագան կը տեսնէ Արեւմուտքի հետ, այլ ոչ թէ Փութինի յետխորհրդային շահերու ոլորտին մէջ, մահմետական Ատրպէյճանի մէջ ամէն ինչ կտրականապէս այլ է: Անկախութենէն ի վեր Ատրպէյճանը բռնապետութիւն է, այսօր ալ նախագահ Իլհամ Ալիեւի օրօք, որ այդ պաշտօնը ժառանգած է իր հօրմէ: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ տարածաշրջանը պատուհասած են քանի մը զինուած հակամարտութիւններ, յատկապէս Արցախի լեռնային շրջանի շուրջ: Տարածք, որ վաղուց բնակեցուած եղած է քրիստոնեայ հայերով, որոնք բնական պատճառներով կ’ուզէին ըլալլ Հայաստանի կազմին մէջ։ Բան մը, որ չընդունուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ՝ յղում ընելով Իոսիֆ Ստալինի իրականացուցած սահմանային գծագրերուն»,- նշած է պատգամաւորը։

Անոր դիտարկմամբ՝ Ատրպէյճանի նախագահն օգտագործած է Ստալինը՝ իր պնդումները արդարացնելու համար։ Պատգամաւորը նաեւ անդրադարձած է 2023 թուականի Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի իրականացուցած ռազմական յարձակման։

«Այս պատմութեան վերջին գլուխը եղաւ 2023 թուականի Սեպտեմբերին: 9-ամսեայ շրջափակումէն եւ մարդասիրական տառապանքներէն յետոյ ատրպէյճանական բանակը մտաւ եւ վերահսկողութեան տակ վերցուց Արցախը: Անոր յաջորդեց ցեղային զտումը։ Աւելի քան 100,000 հայեր՝ տարածքի բնակչութեան 99%-ը, վախնալով իրենց կեանքին համար, ստիպուած եղած են փախչիլ եւ թողել այն տունը, ուր ապրած են սերունդներով: Այդ ժամանակէն Արցախը դարձած է աշխարհի ամենաքիչ ազատութիւն ունեցող վայրը՝ ըստ մեծ հեղինակութիւն վայելող Freedom House-ի: Սեւ անցք, ուր չկայ ազատութիւն, իրաւունք կամ մարդկային արժանապատուութիւն»,- ընդգծած է Էրիք Հելսպորն:

Անոր կարծիքով՝ Ատրպէյճանի բռնապետական կարգավիճակը պայմանաւորուած է ազատ ընտրութիւններու բացակայութեամբ, ընդդիմութեան բանտարկութեամբ եւ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ բռնաճնշումներով։ Ըստ պատգամաւորին՝ Ատրպէյճանի մէջ հակահայկական ցեղապաշտութիւնը գրեթէ դարձած է պետական գաղափարախօսութիւն:

«Սա ոչ միայն այն մասին է, թէ ինչ տեղի ունեցած է կամ ինչ տեղի կ’ունենայ հիմա, այլ նաեւ այն մասին, թէ ինչ կրնայ ըլլալ ապագային: Բռնապետ Ալիեւ բազմիցս ռազմատենչ հռետորաբանութիւն կ’օգտագործէ Հայաստանի դէմ։ Ան կը պահանջէ տարածքներ եւ Հայաստանի՝ ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած իշխանութիւնը կը նկարագրէ որպէս ֆաշիստներ, որոնց կ’ուզէ արմատախիլ ընել: Հերթական պատերազմի վտանգը այնքան ալ հեռու չէ»,- ելոյթի ընթացքին ըսած է շուէտ պատգամաւորը։

Անոր դիտարկմամբ՝ արեւմտեան երկիրներու կողմէ Հայաստանի օգտին եւ Ատրպէյճանի դէմ հանդէս գալը առաջին հերթին բարոյական պարտաւորութիւն է, քանի որ ժողովրդավարական Արեւմուտքը միշտ պէտք է հանդէս գայ յանուն ժողովրդավարութեան եւ ընդդէմ բարբարոսութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment