Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Հնարաւոր Յարձակման Պարագային Հայաստանը Իրեն Հասու Ամբողջ Գործիքակազմով Պիտի Պաշտպանէ Իր Տարածքային Ամբողջականութիւնը. Վահան Կոստանեան

Ատրպէյճանի Հնարաւոր Յարձակման Պարագային Հայաստանը Իրեն Հասու Ամբողջ Գործիքակազմով Պիտի Պաշտպանէ Իր Տարածքային Ամբողջականութիւնը. Վահան Կոստանեան

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ ատրպէյճանական հնարաւոր յարձակման պարագային Երեւանը  իրեն հասու ամբողջ գործիքակազմով պիտի պաշտպանէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը։

Կառավարութեան նիստին յաջորդած ճեպազրոյցին այս մասին յայտնած է ՀՀ արտաքին գործերու փոխնախարար Վահան Կոստանեան։

Անդրադառնալով հարցումին, որ եթէ Ատրպէյճան յարձակի Հայաստանի վրայ ու փորձէ ուժով խլել կամ բանալ այսպէս կոչուած «միջանցքը», ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանիի գործողութիւնը՝ արտաքին գործերու փոխնախարարը պատասխանած է.

«Բնականաբար, Հայաստանի Հանրապետութիւնն իրեն հասու ողջ գործիքակազմով՝ պիտի պաշտպանի իր տարածքային ամբողջականութիւնը»։

Անդրադարձ կատարելով զէնք ձեռք բերելու հարցով Երեւանի հասցէին Պաքուէն հնչող մեղադրանքներուն՝ Կոստանեան նկատած է, որ Հայաստան կ’իրացնէ իր ինքնիշխան իրաւունքն ու կը զարգացնէ պաշտպանական կարողութիւնները:

«Ինչպէս նախկինում է նշուել, մենք մեր հարեւաններից որեւէ մէկի նկատմամբ յարձակողական բնոյթի գործողութիւններ իրականացնելու որեւէ մտադրութիւն չունենք։ Ինչ վերաբերում է այսպէս կոչուած «զինատեսակների մրցավազքին», որին ականատես ենք լինում տարածաշրջանում, այս խնդրի հասցէագրման ուղղութեամբ  հայաստանն Ատրպէյճանին առաջարկել է ստեղծել սպառազինութիւնների վերահսկողութեան փոխադարձ մեխանիզմ, եւ այդ առաջարկն ուժի մէջ է մնում»,- ընդգծած է արտաքին գործերու նախարարի տեղակալը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment