Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յոյս յայտնած է, որ Թրամփի վարչակազմին օրօք Պաքուի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները կը սկսին բարելաւուիլ։
«Մենք կ’ակնկալենք, որ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու նախորդ չորս տարիները, որոնք մենք կորսուած ժամանակաշրջան կը համարենք, այլեւս պատմութեան գիրկն են»,- Չինաստանի պետական հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին նշած է Ալիեւ։
Ատրպէյճանի նախագահին խօսքով՝ երկկողմ յարաբերութիւնները վատթարացած էին՝ «Պայտընի վարչակազմին՝ Ատրպէյճանի հանդէպ որդեգրած անազնիւ եւ անարդար մօտեցման պատճառով»։