Ազգային Ժողովը Փետրուար 12-ի նիստին առաջին, երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց շարք մը նախագիծեր:
Առաջին ընթերցմամբ ընդունուած նախագիծերու շարքին է «Եւրոպական Միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» նախագիծը:
Զայն ԱԺ-ին մէջ ներկայացուց նախագիծի նախաձեռնող խումբի անդամ Արտակ Զէյնալեանը: Նախաձեռնող խումբը մէկ ամսուան մէջ հաւաքած էր աւելի քան 60 հազար քաղաքացիի ստորագրութիւն, ըստ այդմ՝ կառավարութիւնը հաստատած էր համապատասխան որոշման նախագիծը, որ քննարկման ներկայացուած էր Ազգային Ժողովին մէջ:
Օրէնքի նախագիծին մէջ կը նշուի՝ Հայաստանը, արտայայտելով ժողովուրդին կամքը, խնդիր դնելով Հայաստանը դարձնել անվտանգ, ապահով, զարգացած բարեկեցիկ երկիր, կը յայտարարէ Հայաստանի՝ ԵՄ-ին անդամակցելու գործընթացի մեկնարկը:
«Հայաստան» խմբակցութիւնը մասնակցեցաւ քուէարկութեան: «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը կողմ քուէարկեց նախագիծին: