Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Փարիզի Մէջ Ներկայ Գտնուած Է Արհեստական Բանականութեան Գործողութիւններու Գագաթաժողովի Լիագումար Նիստին

Փաշինեան Փարիզի Մէջ Ներկայ Գտնուած Է Արհեստական Բանականութեան Գործողութիւններու Գագաթաժողովի Լիագումար Նիստին

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ ներկայ գտնուած է Արհեստական բանականութեան գործողութիւններու գագաթաժողովի լիագումար նիստին: Վարչապետը եւ միւս բարձրաստիճան հիւրերը դիմաւորած է Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Ժան-Նոէլ Պարօ:

Միջոցառման մասնակցած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին, ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյմզ Տէյվիտդ Վենսը, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը, Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆօն տեր Լայենը, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն եւ շարք մը այլ երկիրներու առաջնորդներ ու կառավարութիւններու ղեկավարներ:

Միջոցառման լիագումար նիստէն յետոյ տեղի ունեցած է գագաթաժողովի մասնակիցներու տեսալուսանկարահանման արարողութիւնը:

Վարչապետ Փաշինեան գագաթաժողովի շրջանակին մէջ կարճատեւ զրոյցներ ունեցած է միջազգային գործընկերներու հետ:

Մասնաւորապէս, վարչապետը Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆօն տեր Լայենի հետ զրոյցին միտքեր փոխանակած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան հետագայ զարգացման շուրջ:

Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է նաեւ Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիկիքապոյի եւ միջազգային այլ գործընկերներու հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment