Հայաստանի մէջ 2024 թուականի Դեկտեմբեր 31-ի դրութեամբ կան գրանցուած (հաշուառուած) մասնաւորապէս 123 կուսակցութիւն, 63 կրօնական կազմակերպութիւն, 1797 հիմնադրամ, 3907 հասարակական կազմակերպութիւն, 213.140 անհատ ձեռնարկատէր, 100.066 Սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւն, 3156 Փակ բաժնետիրական ընկերութիւն։ Այս մասին civic.am-ը տեղեկացաւ ԱՆ իրաւաբանական անձերու պետական արձանագրութեան հրապարակած 2024 թուականը ամփոփող հաշուետուութենէն։ 2024 թուականին, ըստ պետական արձանագրութեան, գրանցուած են 8 կուսակցութիւն, 445 հասարակական կազմակերպութիւն, 104 հիմնադրամ, 25.842 անհատ ձեռնարկատէր, 8381 ՍՊԸ, 112 ՓԲԸ։ Նախորդ տարի կրօնական եւ որեւէ կազմակերպութիւն չէ գրանցուած։
Նշենք, որ 2024-ին գրանցուած եւ ընդդիմադիր դաշտին մէջ դիրքաւորուած են մասնաւորապէս Ռուսաստանի մէջ փախստականի կարգավիճակով հանգրուանած «ԴԱՀԿ-ի Միհրանի»՝ Միհրան Պօղոսեանի «Հայոց համազգային միասնութիւն»-ը, նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի «Նոր ուժ»-ը, Ռուսաստանի մէջ ծուարած մէկ այլ պաշտօնեայ՝ պաշտպանութեան նախկին նախարար Արշակ Կարապետեանի «Համահայկական ճակատ»-ը, արտերկրի մէջ գտնուող Վարդան Ղուկասեանի ԴՕԿ-ը։