Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ուշադրութեան Արժանի Են Նաեւ ՀՀ Այն Քաղաքացիներուն Տրամադրութիւնները, Որոնք Իրենց Երկրի Ապագան Կը Տեսնեն Եւրասիական Ընտանիքին Մէջ». Կալուզին

«Ուշադրութեան Արժանի Են Նաեւ ՀՀ Այն Քաղաքացիներուն Տրամադրութիւնները, Որոնք Իրենց Երկրի Ապագան Կը Տեսնեն Եւրասիական Ընտանիքին Մէջ». Կալուզին

by MassisPost

Արեւմուտքի գիծը Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի մէջ կը համարեն «բացարձակ ապակառուցողական, քանի որ այն ուղղուած է ոչ թէ Ռուսաստանի համար ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող այս տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման, այլ այն բանին, որ այս թեւէն փորձէ «աւանդ ներդնել մեզ ռազմավարական պարտութեան հասցնելու մէջ»։ Այս մասին «Իզվեսթիա»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին։

Խօսելով Հայաստանի եւ Արեւմուտքի սերտ համագործակցութեան մասին՝ Կալուզին նշած է, որ «պաշտօնական Երեւանը, հայկական պետութիւնը, հայ հասարակութիւնը եւ հայ ժողովուրդը ինքնիշխան որոշումներ կը կայացնեն՝ ինչպէս կառուցել իրենց արտաքին քաղաքականութիւնը եւ ինչպէս դիրքաւորել իրենց երկիրը միջազգային հանրութեան մէջ»։

ՌԴ ԱԳՆ ղեկավարի տեղակալը յիշեցուցած է, որ Մոսկուան յստակօրէն մատնանշած է Երեւանին Եւրասիական Տնտեսական Միութեան եւ Եւրոմիութեան միաժամանակեայ անդամակցութեան անհնարինութիւնը. «…Անոնք միանգամայն տարբեր համակարգեր են, եւ անոնց մէջ միաժամանակ ըլլալը ուղղակի անհնար է»։

Կալուզինի կարծիքով՝ Եւրոմիութիւնը Հայաստանէն կը պահանջէ քաղաքական հաւատարմութիւն եւ հակառուսական պատժամիջոցներուն միացում՝ անոր դիմաց Երեւանին յստակ ոչինչ չխոստանալով։

«…Եւ այս ամէնը տեղի կ’ունենան այն ​​լոյսին տակ, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական Տնտեսական Միութեան շօշափելի եւ  երկարաժամկէտ օգուտներ կը բերէ՝ ԵԱՏՄ-ի հետ առեւտուրի աճի եւ ԵԱՏՄ տարածքէն Հայաստան ներդրումներու աճի տեսքով… Հայ քաղաքական գործիչները ուրիշ անգամ կ’ըսեն, որ հայ հասարակութեան մէջ տրամադրութիւն կայ ԵՄ-ին անդամակցելու օգտին։ Նման տրամադրութիւններ, հաւանաբար, կան, բայց, ինչպէս կը կարծենք, նոյնքան ուշադրութեան արժանի են Հայաստանի այն քաղաքացիներուն տրամադրութիւնները, որոնք կը մտածեն իրենց երկրի ապագային մասին եւրասիական ընտանիքին մէջ եւ եւրասիական համարկման շրջանակներուն մէջ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment