Փետրուար 7-ին, Նորվեկիոյ Թագաւորութիւն պաշտօնական այցի շրջանակներուն մէջ, ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան կառավարութեան հիւրերու ընդունելութիւններու տան մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Նորվեկիոյ արտաքին գործերու նախարար Էսփեն Պարթ Էյտէի հետ:
Հայաստանի եւ Նորվեկիոյ արտաքին գործերու նախարարները քննարկումը շարունակած են ընդլայնուած կազմով՝ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ:
Հայաստանի եւ Նորվեկիոյ արտաքին գործերու նախարարները Օսլոյի մէջ երկկողմ hանդիպման արդիւնքներով հանդէս եկած են մամուլի համար կարճ յայտարարութիւններով:
Իր խօսքին մէջ Արարատ Միրզոյեան ըսած է.
«Շնորհակալ եմ, յարգելի՛ նախարար, այսօր առաւօտեան մեր ունեցած լաւ եւ բովանդակալից զրոյցի համար: Դուք ունէք իմ հրաւէրն այցելելու իմ երկիր՝ Հայաստան, Ձեզ յարմար որեւէ ժամանակ:
«Հայաստանի կողմից ցանկանում եմ վստահեցնել, որ մեր երկիրը շահագրգռուած է Նորվեկիայի հետ երկկողմ յարաբերութիւնների խորացմամբ: Բացի այդ, Հայաստանը բարձր է գնահատում Նորվեկիայի շարունակական աջակցութիւնը մեր երկրի զարգացման օրակարգին: Հարաւային Կովկասի՝ տարածաշրջանային հարցերի առումով, կրկին, Նորվեկիան մշտապէս հետաքրքրուածութիւն է ցուցաբերել:
«Այսօր ես հնարաւորութիւն եմ ունեցել ներկայացնել մեր տարածաշրջանում տեղի ունեցող զարգացումները եւ եւս մէկ անգամ վստահեցնել, որ Հայաստանը հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին եւ գործադրում է բոլոր ջանքերը` տարածաշրջանում կայուն խաղաղութիւն հաստատելու եւ Հարաւային Կովկասում նոր՝ խաղաղութեան դարաշրջան բացելու համար:
«Հայաստանը նաեւ մեծ կարեւորութիւն է տալիս Նորդիկ-պալթեան երկրների, այդ թւում՝ Նորվեկիայի, հետ համագործակցութեանը: Մենք ուրախ ենք արձանագրել, որ Նորդիկ-պալթեան երկրներն իրենց հերթին նոյնպէս դրսեւորում են փոխադարձ հետաքրքրուածութիւն:
«Մենք վճռական ենք մեր յարաբերութիւններում նոր հորիզոններ բացայայտելու հարցում եւ ողջունում ենք այն, որ այս մօտեցումը լայնօրէն կիսում է նաեւ նորվեկիական կողմը»:
Էսփեն Պարթ Էյտէն իր հերթին ըսած է.
«Ես շատ ուրախ եմ այստեղ՝ Օսլոյի մէջ, ընդունիլ իմ լաւ ընկերն ու գործընկերը՝ արտաքին գործերու նախարար Միրզոյեանը։ Մենք ունինք շատ լաւ յարաբերութիւններ Հայաստանի, հայ ժողովուրդին եւ այս կառավարութեան հետ։
«Եւ մենք կը կարծենք, որ այս կառավարութիւնը ցուցաբերած է յստակ ռազմավարական առաջնորդութիւն երկրին համար՝ ի շահ իր ժողովուրդին։ Պէտք է ըսել, շատ դժուար հանգամանքներու մէջ, բայց իրօք համարձակութեամբ նայելով յառաջ եւ դէպի Եւրոպա ու ձգտելով աւելի սերտ համագործակցութեան։ Եւ մենք շատ ուրախ ենք գործընկեր ըլլալ այդ ճանապարհին։
«Ես իմ լաւ ընկերոջն ու գործընկերոջ ըսի, որ Նորվեկիան պքիտի մնայ Հայաստանի եւ ձեր եւրոպական ձգտումներուն հաւատարիմ բարեկամը բոլոր պայմաններուն մէջ։ Եւ մենք յատկապէս խօսեցանք այն մասին, թէ ինչպէս կրնանք երկկողմ ձեւաչափով, բայց նաեւ Նորդիկ-պալթեան խումբի շրջանակներուն մէջ աջակցիլ՝ կիսելով մեր փորձը եւ տեսնելով, թէ ինչպէս կրնանք օժանդակութիւն տրամադրել այդ ճանապարհի տարբեր երեսակներուն մէջ, որ կարեւոր է Հայաստանի համար, բայց կարեւոր է նաեւ ամբողջ Եւրոպայի