Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրան Դէմ Է Տարածաշրջանին Մէջ Աշխարհագրական Սահմաններու Փոփոխութեան․ Փեզեշքիանը՝ Հաճիեւին

Իրան Դէմ Է Տարածաշրջանին Մէջ Աշխարհագրական Սահմաններու Փոփոխութեան․ Փեզեշքիանը՝ Հաճիեւին

by MassisPost

Իրան դէմ է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ օտարերկրեայ միջամտութեան։

Այս մասին յայտնած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ հանդիպման ժամանակ, որ Թեհրան այցելած է՝ մասնակցելու Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նիստին, յայտնած է «Mehr»-ը:

Հանդիպման ժամանակ Փեզեշքիան ընդգծած է Իրանի քաղաքականութիւնը՝ ուղղուած կովկասեան տարածաշրջանին մէջ աշխարհագրական սահմաններու որեւէ փոփոխութեան եւ օտար պետութիւններու միջամտութեան դէմ։

«Տարածաշրջանի սահմաններուն փոփոխութիւնը որեւէ պայմաններու մէջ ընդունելի չէ։ Տարածաշրջանի սահմաններէն դուրս գտնուող պետութիւններու փորձերը կը պահանջեն տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ համարկման եւ միասնականութեան ամրապնդում»,- ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment