Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրան Պատրաստ Է Աջակցելու Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Երկխօսութեան. Իրանի ԱԳՆ

Իրան Պատրաստ Է Աջակցելու Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Երկխօսութեան. Իրանի ԱԳՆ

by MassisPost

Իրան պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան, ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային։

Անոր խօսքով՝ կովկասեան տարածաշրջանի եւ անոր բոլոր հարեւաններուն անվտանգութիւնը  շատ կարեւոր է իրանի, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համար։

«Մենք լաւ յարաբերութիւններ ունինք երկու երկիրներուն հետ, կայ դիւանագիտական ​​փոխանակում, որ աշխուժացած է վերջին օրերուն»,- ըսած է Պաղային։

Իրանը, ինչպէս ան յայտնած էր աւելի վաղ, պատրաստ է որեւէ օգնութիւն ցուցաբերելու Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման համար, այդ շարքին՝ աջակցելով երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութեան զարգացման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment