Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանը Հակամարտութիւն Սկսելու Մտադրութիւն Ունի, Հիմքերէն Ամենակարեւորը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» Խօսոյթն Է․ Վարչապետ

Ատրպէյճանը Հակամարտութիւն Սկսելու Մտադրութիւն Ունի, Հիմքերէն Ամենակարեւորը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» Խօսոյթն Է․ Վարչապետ

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ հրաւիրած ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար Ատրպէյճանի երեք պահանջներուն։

Վարչապետը նշեց, որ ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութեան հետ կապուած ինք արձագանգած է՝ յղում կատարելով ՀՀ Սահմանադրական դատարանի որոշման՝ Սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգի քննարկման գործի ծիրին մէջ, որ տէ իւրէ հաստատուած է՝ ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ Ատրպէյճանէն սահմանային պահանջներ չկան։

«Միւս կողմից մենք տեսնում ենք, որ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան մէջ մեր երկրի նկատմամբ տարածքային պահանջներ կան, բայց մենք նրանց Սահմանադրութիւնը փոխելու հարց չենք բարձրացնում, որովհետեւ Խաղաղութեան պայմանագրի՝ արդէն իսկ համաձայնեցուած մասում վաւերացնելու եւ ստորագրելու դէպքում այդ հարցերը փակւում են»,- ըսաւ ան։

Կառավարութեան ղեկավարը անդրադարձաւ նաեւ երկրորդ պահանջին, որ կը վերաբերի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան եւ նկատեց, որ ինք ըսած է, թէ համաձայն են լուծարելուն։

«Ասում էք՝ Նոյեմբերի 9-ին զէնքը դրել էին գլխին, ստորագրել է եռակողմ յայտարարութիւնը, իմ գլխին ոչ ոք զէնք չի դրել եւ չէր կարող դնել, եթէ ես այդ թուղթը չստորագրէի, մեր 26 հազար զինուոր կը յայտնուէր շրջափակման մէջ: Եթէ հարցը իմ գլխին դրուած լինելու մասին լինէր՝ ես իմ գլխին զէնք դրուած լինելու բերումով երբեւէ որեւէ գործողութիւն ո՛չ արել եմ, ո՛չ էլ երբեւէ կ’անեմ։ 26 հազար զինուորի շրջափակման մէջ յայտնուելու մասին է խօսքը։ Ես դրա մասին ուղերձ եմ ունեցել»,- յաւելեց ան։

2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ փաստաթուղթին մէջ կէտեր կան, որ այնքան չեն կատարուած, որ անհնարինութեան աստիճան չեն կատարուած։ Օրինակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներ չկան, եւ այլ բազմաթիւ հանգամանքներ, եւ սա պէտք է հաշուի առնել: Այսպէս պատասխանեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ «Հայկական Ժամանակ»-ի հարցումին։

«Երկար ժամանակ նաեւ մեր լրատուական եւ քաղաքական դաշտում արձագանգներով ասւում է, որ Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ ՀՀ-ն պարտաւորուել է, որ հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը պէտք է ապահովի երրորդ ուժ, կամ ՌԴ անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնը, նման բան չկայ գրուած, կայ ընդհակառակը՝ ՀՀ-ն երաշխաւորում է անվտանգութիւնը։ Պարզ բան է: Մեկնաբանութիւն կայ, որ անցումը պէտք է լինի ՀՀ իրաւազօրութիւնից դուրս, նման բան չկայ գրած։ ՀՀ-ն երբեք որեւէ փաստաթղթով իր որեւէ տարածքի նկատմամբ իր ինքնիշխանութիւնից ոչ միայն չի հրաժարուել, այլեւ որեւէ կերպ չի համաձայնուել իր իրաւազօրութեան սահմանափակման հետ»,- ըսաւ ան:

Ասուլիսի ժամանակ, պատասխանելով «Հայկական Ժամանակ»-ի հարցումին, թէ արդեօք կապ կա՞յ Մեղրիի փոխանակման ծրագրի եւ «Հոկտեմբեր 27»-ի միջեւ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց. «Այդպիսի վարկածներ հնչել են։ Դա յայտնի փաստ է։ Անձամբ ես ին՞չ եմ մտածում, մանաւանդ այս ծիրին մէջ, երբ «Հոկտեմբերի 27»-ի գործը քննութեան առումով շարունակւում է, որեւէ մեկնաբանութիւն այդքան էլ պատեհ չէ»։

«Այսօր մենք ԵԱՏՄ-ում վատ չենք զգում մեզ: Բայց միւս կողմից մենք չենք կարող չնկատել մեր ժողովրդի առնուազն որոշակի եւ շատ շօշափելի հատուածի ձգտումները՝ Հայաստանի ապագայի համար ձեւաւորել ընտրանքներ, տարբերակներ, որովհետեւ այսօր շատ կարեւոր փուլ է, որ մենք մեր երկրի ռազմավարական ապագայի մասին խօսենք: Բայց այդ ռազմավարական ապագայի մասին խօսակցութիւնը չի կարող տեղի ունենալ, եթէ ընտրանք չկայ: Եւ մեր հաւասարակշռման եւ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւնը նաեւ դրա համար է»,- ըսաւ ան։

Ըստ վարչապետին՝ երկու տարբերակ կայ: Առաջինը՝ ընտրութիւն չկայ, մտածելու շատ բան ալ չկա․ «Երկրորդը՝ պէտք է ընտրութիւն ձեւաւորենք, որպէսզի ինչի վրայ կանգնենք, այդ ընտրութիւնը լինի օրկանական, իրական, ոչ թէ կեղծ: Մեր քաղաքականութիւնը դրան է ուղղուած: Մենք շարունակելու ենք ճանապարհն այս ուղղութեամբ: Այս ճանապարհն էլ է մի գործընթաց, որտեղ իրական եւ անկեղծ բարեկամները ոչ-իրական եւ ոչ-անկեղծ բարեկամներից գուցէ տարբերուեն»։

Անդրադառնալով ԵԱՏՄ-ի եւ Իրանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցումին՝ Փաշինեան վստահեցուց, որ Հայաստան աջակցած է եւ կ’աջակցի, որ Իրանի եւ ԵԱՏՄ-ի յարաբերութիւններուն մէջ զարգացումներ ըլլան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment