Յունուար 22֊ին զինուած յարձակում տեղի ունեցած է Սթամպուլի Պաքըրքէոյ թաղամասին մէջ գործող մասնաւոր Տատեան հայկական վարժարանին վրայ։
Այս մասին յայտնած է sondakika.com֊ը։
Զինուած յարձակման գործով երկու կասկածեալ բերման ենթարկուած է։ Բերման ենթարկուած կասկածեալներէն մէկուն տունէն ապօրինի ատրճանակ եւ 14 պարկուճ առգրաւուած է։ Տեղեկութեան համաձայն՝ բերման ենթարկուածներէն մէկը ազատ արձակուած է, իսկ միւսին գործը ուղարկուած է դատարան։
Զինուած յարձակման հետեւանքով կոտրուած են վարժարանին ապակիները, իսկ պատերուն՝ փամփուշտի հետքեր մնացած են։