Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ Գլխադասային Յանձնաժողովը Հաւանութիւն Տուաւ ԵՄ-ին Հայաստանի Անդամակցութեան Նախագիծին

ԱԺ Գլխադասային Յանձնաժողովը Հաւանութիւն Տուաւ ԵՄ-ին Հայաստանի Անդամակցութեան Նախագիծին

by MassisPost

Խորհրդարանի գլխադասային յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուաւ «Եւրըմիութեան անդամակցութեան մեկնարկի մասին» օրէնսդրական նախաձեռնութեան, այն Ազգային Ժողովի խորհուրդի հաստատումէն յետոյ պիտի ընդգրկուի յաջորդ քառօրեայի օրակարգ:

Մինչեւ քուէարկութիւնը ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Էլինար Վարդանեան յայտնեց, որ իրենք պիտի չմասնակցին քուէարկութեան:

«Պատիւ Ունեմ»-ը առհասարական քննարկման ներկայ չէր:

Կառավարութիւնը Յունուար 9-ին էր հաւանութիւնը տուած էր Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի մասին օրէնքի նախագիծին։ Անոր հեղինակները արեւմտամէտ՝ «Եւրաքուէ»-ի անդամներն են։ Անոնք օրինագիծը Ազգային Ժողով մտցնելու համար մինչեւ Նոյեմբեր հաւաքած էին օրէնքով անհրաժեշտ 50 հազարէն աւելի՝ 60 հազար ստորագրութիւն։

Մոսկուան նոյն օրը արձագանգեց՝ փոխվարչապետի մակարդակով յայտարարեցին՝ սա իրենք կը դիտարկեն որպէս Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն դուրս գալու սկիզբ եւ որ Երեւանի նկատմամբ տնտեսական քաղաքականութիւնը պիտի մշակեն այդ հանգամանքը հաշուի առնելով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment