ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական համագումարի շրջանակին մէջ հանդիպում ունեցած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Մարք Ռութթէի հետ։
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-ՆԱԹՕ փոխգործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները՝ կարեւորելով երկկողմ օրակարգի արդիւնաւէտ իրականացումը։
Կողմերը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային նշանակութեան հարցերու շուրջ։ Վարչապետ Փաշինեան ներկայացուցած է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան գործընթացի ընթացքը՝ շեշտելով ՀՀ կառավարութեան հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին։
ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը կարեւորած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումը՝ ընդգծելով ՆԱԹՕ-ի աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն։
Վարչապետ Փաշինեան նաեւ ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը՝ շեշտելով, որ հայկական կողմը պատրաստ է տարածաշրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման՝ նախագիծին մէջ ամրագրուած սկզբունքներու հիման վրայ։