2008-ի Մարտ 1-ի գործով Գլխաւոր դատախազութիւնն անոր մեղադրանք ներկայացուց ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանին:
Իրաւապահները Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնը զբաղեցուցած Օհանեանը կը մեղադրեն Քրէական նոր օրէնսգիրքի՝ ուժի գործադրմամբ պաշտօնական լիազօրութիւնները անցնելու յօդուածով, որ ծանր հետեւանքներ յառաջացուցած է։ Դատախազութիւնը կը պնդէ՝ նախկին բարձրաստիճան զինուորականը բանակը ներգրաւած է 10 մարդու կեանք խլած յետընտրական գործընթացներու մէջ։
«Զինուած ուժերն օգտագործել է քաղաքական հարցերում խաղաղ հանրահաւաքների մասնակից քաղաքացիների դէմ»,- նշեց մեղադրող դատախազ Հայկ Յովհաննիսեան:
Արդարացումէն երեք տարի անց երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանն ու անոր նախկին երեք բարձրաստիճան ենթակաները կրկին դատարանն են՝ Վճռաբեկ դատարանի որոշմամբ: Բարձրագոյն այս ատեանը բեկանած էր անոնց՝ դեռ ուժի մէջ չմտած արդարացման վճիռն ու գործը ուղարկած էր Հակափտածութեան քրէական դատարան՝ նոր քննութեան։