Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հայ Դերասաններով «Անորա» Ֆիլմը «Օսքարի» Տարուայ Լաւագոյն Ֆիլմ Անուանակարգին Մէջ Է

Հայ Դերասաններով «Անորա» Ֆիլմը «Օսքարի» Տարուայ Լաւագոյն Ֆիլմ Անուանակարգին Մէջ Է

by MassisPost

Շոն Պէյքըրի «Անորա» տրաման Ամերիկեան ֆիլմի ակադեմիայի «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան «Տարուայ լաւագոյն ֆիլմ» անուանակարգին մէջ է:

Ֆիլմը ներկայացուած է նաեւ լաւագոյն բեմադրիչ, լաւագոյն դերասանուհի, երկրորդ ծրագրի լաւագոյն դերասան եւ լաւագոյն բնօրինակ բեմագիր անուանակարգերուն մէջ:

Տարուայ լաւագոյն ֆիլմի կոչման համար կը պայքարին նաեւ «Պրութալիսթը», «Լիարժէք անյայտութիւնը», «Քոնքլավ», «Տիւնա. Մաս երկրորդ», «Էմիլիա Փեռեզ», «Ես դեռ այստեղ եմ», «Նիքել պոյզ», «Սուպսթանցիա» ու «Չարը» ֆիլմերը:

97-րդ «Օսքար» մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 3-ին:

Ազգութեամբ հայ դերասաններ Կարէն Քարակուլեանի եւ Վաչէ Թովմասեանի մասնակցութեամբ՝ բեմադրիչ Շոն Պէյքըրի «Անորա» ֆիլմը Քաննի 2024 թուականի ֆիլմի փառատօնին «Ոսկէ արմաւենիի ճիւղ» մրցանակին արժանացած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment