Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մենք Փրկիչներ Չենք Փնտռեր Եւ Չենք Գտած. ԱԳ Նախարարը՝ Հայաստան-ԱՄՆ Նոր Փաստաթուղթին Մասին

Մենք Փրկիչներ Չենք Փնտռեր Եւ Չենք Գտած. ԱԳ Նախարարը՝ Հայաստան-ԱՄՆ Նոր Փաստաթուղթին Մասին

by MassisPost

Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթին մանրամասնութիւնները։ Ազգային Ժողովին մէջ հարցուպատասխանի ընթացքին նախարարը նշեց, որ փաստաթուղթը կը վերաբերի երկկողմ յարաբերութիւններու որակական բարելաւման եւ կ’ընդգրկէ համագործակցութեան բազմաթիւ ոլորտներ՝ տնտեսականէն մինչեւ անվտանգութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ պաշտպանութիւն։

Արարատ Միրզոյեան փաստեց, որ այս ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթը կը բարձրացնէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու մակարդակը։

«Ոլորտները բազմաթիւ են՝ սկսած տնտեսական համագործակցութիւնից, վերջացրած անվտանգութեան, ժողովրդավարական եւ պաշտպանութեան ոլորտում համագործակցութեան։ Սա շատ յաջողուած, բազմաոլորտ եւ լաւ հեռանկարներ բացող փաստաթուղթ է»,- ընդգծեց նախարարը։

Ան յաւելեց, որ այս փաստաթուղթով Հայաստանը չի փնտռեր «փրկիչներ» եւ կ’ակնկալէ սեփական ուժերով ամրապնդել իր դիրքերը։

«Մի մասը ասաց, որ այս փաստաթղթով փրկուեցինք։ Ժողովուրդ ջան, չփրկուեցինք եւ պէտք չէ ընդհանրապէս փրկիչներ ման գալ։ Ինչպէս պէտք չէր նախկինում փրկիչներ ման գալ հիւսիսում, հիմա պէտք չէ փրկիչներ ման գալ արեւմուտքում, արեւելքում եւ որեւէ տեղ։ Եթէ մենք փրկուելու ձեւ ունենք, մենք ինքներս պէտք է այնպէս անենք, որ եւ փրկուենք, եւ զարգանանք, եւ ամրանանք։ Մենք փրկիչներ չենք փնտռում եւ այս փաստաթղթով էլ փրկիչներ չենք գտել»,- ըսաւ Միրզոյեան։

Միրզոյեան նաեւ անդրադարձաւ այն մտահոգութիւններուն, թէ փաստաթուղթը կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ Իրանի եւ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն վրայ։

«Ես վերադարձել եմ Մոսկուայից աշխատանքային այցից, իսկ արտաքին գործերի նախարարի տեղակալը՝ Թեհրանից։ Մենք մեր գործընկերների հետ շատ սերտ կապի մէջ ենք, բազմաթիւ հարցեր համաձայնեցնում ենք եւ փոխըմբռնման մթնոլորտում աշխատում ենք»,- ընդգծեց նախարարը։

Նախարարը յորդորեց չգերագնահատել եւ չթերագնահատել փաստաթուղթին կարեւորութիւնը՝ շեշտելով, որ այն պարզապէս Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ յարաբերութիւններու խորացման հնարաւորութիւն է, բայց ոչ ռազմական դաշինք։

Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ փաստաթուղթի նախապատմութեան՝ նշելով, որ նախապէս Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ եղած է ռազմավարական երկխօսութեան ձեւաչափ, որ նախատեսած է պարբերական շփումներ եւ աշխատանքներ համապատասխան յանձնաժողովի մակարդակով։ Սակայն, ըստ Միրզոյեանի, անհրաժեշտութիւն կար յարաբերութիւնները բարձրացնելու նոր մակարդակի։

«2023 թուականի գարնանը յայտարարեցինք, որ աշխատելու ենք յարաբերութիւնները բարձրացնել ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի։ Եւ ահա 2024 թուականի Յունուարի 14-ին մենք ստորագրեցինք այդ փաստաթուղթը, որը մի քիչ փոխում է համագործակցութեան ձեւաչափը։ Նշել ենք նոր ուղղութիւններ, նոր ոլորտներ, նաեւ նոր հնարաւորութիւններ»,- նշեց Միրզոյեան։

Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստանի համար առաջնային են սեփական շահերը։

«Մենք ինքնիշխան երկիր ենք, եւ մեր բոլոր որոշումներն առաջնորդւում են բացառապէս Հայաստանի շահերով։ Մեր բոլոր գործընկերները, ովքեր յարգում են մեր ինքնիշխանութիւնը, պէտք է յարգանքով մօտենան մեր դիրքորոշմանը»,- եզրափակեց ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment