Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ քննարկուած է Հակափտածութեան ռազմավարութեամբ նախատեսուած միջոցառումներու իրականացման ընթացքը:
Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան զեկուցած է ռազմավարութեան նպատակներու՝ փտածութեան կանխարգիլման եւ բարեվարքութեան համակարգերու ամրապնդման, փտածութեան հակազդման իրաւական եւ հաստատութենական համակարգերու կատարելագործման, հակափտածութեան կրթութեան եւ հանրային իրազեկման կառուցակարգերու կատարելագործման, հակափտածութեան վերահսկողութեան եւ գնահատման համակարգի կատարելագործման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներուն վերաբերեալ:
Մանրամասնութիւններ ներկայացնելով Հակափտածութեան ռազմավարութեամբ իրականացուած միջոցառումներուն վերաբերեալ՝ զեկուցուած է, որ ներդրուած են բարեվարքութեան ընթացիկ ստուգման կառուցակարգեր դատաւորներու, դատախազներու եւ քննիչներու համար:
Անդրադարձ կատարուած է փտածութեան կանխարգիլման համաթիւի ցուցանիշերուն եւ համապատասխան միջազգային զեկոյցներուն: Ընդգծուած է, որ թէեւ նախորդող ժամանակահատուածի ընթացքին դրական յառաջընթաց կայ, սակայն անհրաժեշտ է հետեւողական քայլեր ձեռնարկել ներկայ մեխանիզմներու եւ կառուցակարգերու լաւարկման համար:
Միտքեր փոխանակուած են դատաիրաւական ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներու եւ անոնց յաղթահարման շուրջ իրականացուող համակարգային փոփոխութիւններուն վերաբերեալ:
Անդրադառնալով զեկոյցին՝ վարչապետը կարեւորած է Հակափտածութեան ռազմավարութեան երեք հիմնական ուղղութիւններով՝ փտածութեան կանխարգիլման, փտածութեան բնոյթի յանցագործութիւններու բացայայտման ու հակափտածութեան կրթութեան ու հանրային իրազեկման վերաբերեալ հաշուետուողականութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարած է այս երեք ուղղութիւններով պատրաստել համապատասխան զեկոյց, որ պիտի քննարկուի Հակափտածութեան քաղաքականութեան խորհուրդին մէջ: