Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղի Ունեցած Է Նիկոլ Փաշինեանի Հեռախօսազրոյցը Վլատիմիր Փութինի Հետ

Տեղի Ունեցած Է Նիկոլ Փաշինեանի Հեռախօսազրոյցը Վլատիմիր Փութինի Հետ

by MassisPost

Տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան արդիւնքները, յառաջիկայ ընելիքները ԵԱՏՄ շրջանակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ռուսաստան երկկողմ օրակարգի շարք մը հարցեր:

Քրեմլինի մամուլի ծառայութիւնը կը յայտնէ հեռախօսազրոյցը կայացած է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ։

«Փաշինեան պարզաբանած է Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ Երեւանի վերջին քայլերուն հետ կապուած իրավիճակը: Ռուսաստանի նախագահը տուած է համապատասխան մեկնաբանութիւններ եւ գնահատականներ»,- ըսուած է Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment