Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանը ՄԻԵԴ Եւ ԱՄԴ Պիտի Ներկայացնէ Յաւելեալ Ապացոյցներ Եւ Պահանջներ Պաքուի Մէջ Հայ Ռազմագերիներու Եւ Քաղաքացիական Անձերու Դատավարութիւններուն Առնչութեամբ

Հայաստանը ՄԻԵԴ Եւ ԱՄԴ Պիտի Ներկայացնէ Յաւելեալ Ապացոյցներ Եւ Պահանջներ Պաքուի Մէջ Հայ Ռազմագերիներու Եւ Քաղաքացիական Անձերու Դատավարութիւններուն Առնչութեամբ

by MassisPost

Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու նկատմամբ յարուցուած քրէական գործերով դատաքննութեան մեկնարկին առնչութեամբ Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչին գրասենեակը յիշեցման կարգով կը յայտնէ, որ 2022 եւ 2024 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ՝ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար մեղադրուող բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու արդար դատաքննութեան, ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած երկու միջպետական գանգատ ներկայացուած է Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան։ Ֆէյսպուքի իր էջով այս մասին տեղեկացուցած է Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչը։

«Միաժամանակ, շարունակում են ուժի մէջ մնալ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի 2021թ․ Դեկտեմբերի 7-ի եւ 2022թ․ Հոկտեմբերի 12-ի որոշումները, որոնցով Դատարանը կիրառել է ժամանակային միջոցներ, ի թիւս այլնի, Ատրպէյճանում պահուող բոլոր անձանց անվտանգութիւնը եւ օրէնքի առջեւ հաւասարութիւնը ապահովելու վերաբերեալ։

«ՄԻՀՆ գրասենեակը հետեւում է այս օրերին Ատրպէյճանում ընթացող դատավարութիւններին։ Տեղեկացնում ենք, որ ըստ սահմանուած ընթացակարգի Եւրոպական դատարան եւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան կը ներկայացուեն անհրաժեշտ լրացուցիչ ապացոյցներ եւ պահանջներ»,- կ’ըսուի գրառման մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment