Յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստանը Հնդկաստանէն 155 մմ տրամաչափի «Trajan» քարշակային հաուպիցներու խմբաքանակ պիտի գնէ, կը հաղորդէ «The Economic Times»-ը։
Լրատուամիջոցին տեղեկութիւններով, այս զինատեսակը կ’արտադրուի հնդկական Larsen & Toubro արդիւնաբերական ձեռնարկութեան կողմէ՝ ֆրանսական արտօնագրով, եւ հրետանային այդ համակարգի առաւելագոյն հեռահարութիւնը 39 քմ է։
Պաշտօնական Երեւանն ու Տելհին նման գործարքի մասին պաշտօնապէս չեն հաղորդած: