Պաշտօնական Երեւանը շահագրգիռ է Մոսկուայի հետ իր համագործակցութիւնը պահել բարձր մակարդակի վրայ:
2024 թուականի աշխատանքները ամփոփող ասուլիսի ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան՝ նշելով, որ ՀՀ-ն ՀԱՊԿ-ին հարցումներ ունի, որոնք առարկայական են, պէտք է առողջ քննարկումներու բերումով պատասխաններ ստանան, քանի որ այդ պատասխաններէն կախուած է Հայաստանի հետագայ համագործակցութեան մակարդակը ՀԱՊԿ-ի հետ:
«Այսինքն՝ ՀՀ-ն չի չեղարկել Մոսկուայի հետ իր երկկողմ համագործակցութեան որեւէ փաստաթուղթ: Մենք անգամ պաշտօնապէս չենք չեղարկել ՀԱՊԿ-ին՝ մեր մաս լինելը, բայց տէ ֆաքթօ որեւէ մասնակցութիւն չունենք, եւ մենք չենք մեղաւորը, որ ՀԱՊԿ-ում գէթ մէկ սպայ չկայ ՀՀ-ից:
«Միեւնոյն ժամանակ պիտի նշեմ, որ երբ խօսում ենք երկկողմ համագործակցութեան մասին, պիտի այդ համագործակցութիւնը լինի հաւասարակշռուած, երկկողմ յարգանքի վրայ հիմնուած»,- ըսած է ան: