Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փեսքով Անդրադարձած Է Հայաստանի Եւ ԱՄՆ-ի Միջեւ Ստորագրուելիք Ռազմավարական Գործընկերութեան Փաստաթուղթին

Փեսքով Անդրադարձած Է Հայաստանի Եւ ԱՄՆ-ի Միջեւ Ստորագրուելիք Ռազմավարական Գործընկերութեան Փաստաթուղթին

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով անդրադարձած է Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ստորագրուելիք ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթին։

«Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է՝ զարգացնել յարաբերութիւնները բոլոր երկիրներուն, այդ շարքին ԱՄՆ-ի հետ: ՌԴ-ն բարձր կը գնահատէ ՀՀ-ի հետ իր յարաբերութիւնները»,- ըսած է Փեսքով։

«Մենք մեր երկկողմ յարաբերութիւնները ունինք Հայաստանի հետ։ Մեզի համար թանկ են այդ յարաբերութիւնները։ Մենք մտադիր ենք զանոնք հետագային եւս զարգացնել»,- ըսած է Փեսքով՝ մեկնաբանելով Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին փաստաթուղթի ստորագրումը։

Քրեմլի խօսնակը նաեւ կարեւորած է համարկման գործընթացներուն, այդ շարքին՝ ԵԱՏՄ շրջանակին մէջ երկու երկիրներու փոխգործակցութիւնը։ Անոր խօսքով՝ այդ յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար «զգալի շահութամասեր» կ’ապահովեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment