ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Վարիչ Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ ատենապետ Ընկ. Միհրան Խաչատուրեանի, այցելեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ` Յովնան Արք. Տէրտէրեանին` շնորհաւորելու համար զինք Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առթիւ:
Սրբազան Հայրը իր կարգին շնորհաւորեց նորընտիր Վարիչ Մամինի կազմը, յաջողութիւն մաղթեց ու պատրաստակամութիւն յայտնեց` շարունակելու համագործակցութիւնը համայնքէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն գծով:
Ընկ. Խաչատուրեան գնահատեց Սրբազան հօր տարած աշխատանքը ու իր առաջնորդութեամբ համայնքէն ներս համերաշխութեսն պահպանումը, յատկապէս Արցախի շուրջ տեղի ունեցած զարգացումներուն ընթացքին:
Ապա, տեղի ունեցաւ համայնքային կեանքին վերաբերող բազմաթիւ հարցերու շուրջ կարծիքներու փոխանակում: Շեշտուեցաւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման մէկ ու միասնական միջոցառումի կազմակերպման կարեւորութիւնը: Անդրադարձ եղաւ նաեւ Հայ Ամերիկեան Թանգարանի ծրագրի իրականացման գծով տարուող աշխատանքներուն:
Սրբազան Հօր կողքին հանդիպումին ներկայ էին Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Վարդան Նազիրեանը եւ Առաջնորդի օգնական Տէր. Երեմիա Ակպարեանը:
Հնչակեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Ընկերներ` Ռուբէն Մուղալեանն ու Յարութ Պալեանը: