Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով վստահ է, որ ժամանակի ընթացքին Հարաւային Կովկասի երկիրները ինքնուրոյն պիտի լուծեն տարածաշրջանային խնդիրները։ Այս մասին ան յայտնած է մամուլի ասուլիսին՝ մեկնաբանելով «3+3» ձեւաչափի պահանջարկը, որուն մէջ ընդգրկուած են Ռռուսաստանը, Հայաստանը, Իրանը, Ատրպէյճանը, Թուրքիան եւ Վրաստանը։
Անոր խօսքով՝ այս ձեւաչափը ամենաարդիւնաւէտն է տարածաշրջանին մէջ խնդիրներու լուծման համար։ Լաւրով ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացին միջամտելու ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի փորձերը միայն կը բարդացնեն զայն։
«Երբ երկիրները, որոնք հեռու են մեր տարածքներէն, աւանդոյթներէն եւ պատմութենէն, կը յայտարարեն, որ իրենք պիտի ապահովեն Սիւնիքի մարզին մէջ անվտանգութիւնը, ատիկա հարցեր կ’առաջացնէ։ Օրինակ՝ ես ամբողջովին չեմ հասկնար, թէ ինչպէս կրնայ ԵՄ առաքելութիւնը նման խնդիր կատարել»,- նշած է ՌԴ արտաքին գործերու նախարարը։
Ան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է Պրիւքսէլի եւ Ուաշինկթընի ձգտման վրայ՝ «ցուցադրելու» իրենց մասնակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման գործընթացին։
«Ես այժմ լսեցի, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանն արդէն գործնականին մէջ համաձայնութեան եկած են խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ: Եւ հասկնալի է, որ մնացած երկու հարցերը, զանոնք… Դժուար է ինչ-որ կերպ շրջանցել զանոնք: Եւ ճիշդ այդ ժամանակ Եւրոյանձնաժողովը, Եւրոմիութիւնը կը սկսին ըսել՝ մենք հիմա կու գանք, մենք ձեզ կ’օգնենք: Ատրպէյճանի, Հայաստանի ինքնիշխան որոշումն է, թէ ուր կը ստորագրեն փաստաթուղթը, երբ այն ըլլայ համաձայնեցուած: Բայց Պրիւքսէլը, Ուաշինկթընը եւս կը ձգտին ինչ-որ կերպ ցոյց տալ, որ ամէն ինչ իրենք ըրած են… Նման ասացուածքներ կան, անոնք այնքան ալ պարկեշտ չեն… Բայց ամէն տեղ կ’ուզես ցոյց տալ, որ դուն ես տէրը»,- յայտնած է ան։