Մամուլի ասուլիսի ժամանակ այս մասին յայտնեց ՀՀ արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան՝ նշելով, որ հասարակութեան շրջանակին մէջ յաճախ սխալ կը մեկնաբան փտածութեան տեսակներն ու բնոյթը։
Գալեանի խօսքով՝ համակարգային փտածութիւնը բրգաձեւ կառուցուածք է, որու պարագային ամբողջ համակարգը՝ ստորին օղակներէն մինչեւ վերին ղեկավարներ, ներգրաւուած է կանոնակարգուած եւ կազմակերպուած փտածութեան շղթայի մէջ։ Հայաստանի մէջ նման շղթայի գոյութիւնը կը բացառուի։
«Բարեբախտաբար, մենք ունենք այնպիսի պետութիւն, որ ոեւէ նախարար, փոխնախարար կամ բարձրաստիճան պաշտօն զբաղեցնող այլ անձ երաշխաւորուած չէ, որ իր նկատմամբ քրէական հետապնդում չի սկսուի եւ հակառակը՝ երաշխաւորուած է, որ կը սկսուի։ Եւ այդ մասին խօսում են այն օրինակները, որոնք մենք այսօր ունենք։ Ի հարկէ, դրուագային փտածութիւն կայ, բայց թոյլ տուէք ասել, որ այն եղել է մշտապէս հասարակութեան ծագմանը եւ զարգացմանը համընթաց։ Կարծում եմ, որ փտածութիւնը այնպիսի երեւոյթ է, որ կայ բոլոր երկրներում, ուղղակի դրանց ծաւալներն են տարբեր։ Կարծում եմ նաեւ, որ սա մի արատաւոր երեւոյթ է, որը շարունակելու է լինել։ Բայց պետութեան խնդիրը նուազագոյն մակարդակի բերելն է, եւ դա է պատճառը, որ մենք շարունակաբար փորձում ենք զարգացնել ներգործութեան միջոցներն ու գործիքները»,- եզրափակեց Գալեան։