Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Ոսկէ Հնարաւորութիւն Է Թրամփի Համար. WSJ

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիրը Ոսկէ Հնարաւորութիւն Է Թրամփի Համար. WSJ

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ  խաղաղութեան պայմանագիրը ոսկէ հնարաւորութիւն է Թրամփի համար: Այս մասին գրած է «The Wall Street Journal»-ը:

ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Թրամփի խոստումը՝ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը լուծելու վերաբերեալ, ամենայն հաւանականութեամբ, աւելի հեշտ է ըսելը, քան ընելը: Բայց կայ հնարաւորութիւն խաղաղութեան համար, որ կը պահանջէ շատ աւելի քիչ ջանք, բայց կ’առաջարկէ զգալի պարգեւներ. Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տասնամեակներ շարունակուող թշնամութեան դադրեցումը: Այս հակամարտութեան լուծումը, որ յանգեցուցած է երկու պատերազմի եւ ստիպած է աւելի քան 100.000 հայի լքել Լեռնային Ղարաբաղը միայն 2023 թուականին, արդէն հասանելիութեան ճանապարհին է: Ընդամէնը անհրաժեշտ է մէկ վերջին հրում, որ միայն Ուաշինկթընը կրնայ ապահովել:

Նախապատրաստական աշխատանքին մեծ մասը արդէն իսկ դրուած էր Պայտընի վարչակազմին կողմէ, որ նոյնպէս կը փորձէր մղել Ատրպէյճանը, որ ռազմական առումով երկու երկիրներէն աւելի ուժեղ է, ընդունիլ Հայաստանի խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը: Բայց նախագահ Պայտըն անձամբ չէ միջամտած։ Պարոն Թրամփ կրնայ միջամտել եւ կնքել գործարք։ Նոր նախագահը կրնայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հրաւիրել Սպիտակ տուն՝ պատմական համաձայնագրի համար։ Առանց ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մասնակցութեան, բանակցութիւնները կանգ առնելու վտանգի առջեւ են, ինչ որ Ատրպէյճանին հնարաւորութիւն պիտի տայ շարունակելու իր ռազմական սպառնալիքները Հայաստանի նկատմամբ, իսկ Ռուսաստանին՝ վերահաստատելու իր ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Պարոն Թրամփի անձնական մղումը կրնայ ապահովել գործարքի կնքում, որ վերջ պիտի դնէ տասնամեակներու թշնամութեան տարածաշրջանի մը մէջ, ուր երկար ժամանակ կը գերիշխէր ռուսական միջամտութիւնը:

Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը օգուտ պիտի բերէ ԱՄՆ-ին եւ անոր դաշնակիցներուն՝ յետխորհրդային հանրապետութիւններուն օգնելով վերականգնել տնտեսական ինքնիշխանութիւնը եւ զսպել նէոկայսերական Ռուսաստանը: Խաղաղութեան համաձայնագիրը կրնայ ընդլայնել մուտքը դէպի Միջին միջանցք՝ կենսականօրէն կարեւոր առեւտրային երթուղի, որ եւրոպական շուկաները կը կապէ Կեդրոնական Ասիոյ միջոցներուն հետ, ներառեալ ուժանիւթը եւ հազուագիւտ հողերու մետաղները՝ բանաով զարգացման, առեւտուրի եւ ուժանիւթային համագործակցութեան համար հնարաւորութիւններ:

Թրամփի անձնական մօտեցումը կրնայ նաեւ բարելաւել յարաբերութիւնները այնպիսի դժուար դաշնակիցի հետ, ինչպիսին Թուրքիան է։ Հայաստանի կառավարութիւնը իշխանութեան եկած է 2018 թուականին խաղաղ ժողովրդավարական յեղափոխութեան միջոցով եւ անկոտրում եղած է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ։ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները սրած էին Թրամփի առաջին վարչակազմի ժամանակ, սակայն նախագահ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին, եւ խոստացած է բանալ Հայաստանի հետ սահմանը եւ վերականգնել դիւանագիտական ​​յարաբերութիւնները, երբ որ այդ տեղի ունենայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment