Եթէ արդէն ծանօթ էք կամ կարդացած էք «Լորին եւ Նարեկը» մատենաշարի 15 գիրքերը, այժմ ժամանակն է խաղալու։
Արդէն մէջտեղ եկաւ «Հայրենի Լեռներ եւ Գետեր» անունով սեղանի խաղ մը պատրաստուած՝ մանկագիր եւ դաստիարակ Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեանին կողմէ։
Այս խաղը կը յիշեցնէ ժամանակին կոչուած «օձի խաղը,» որ յետագային կոչուած է նաեւ «Սահնակներ եւ Աստիճաններ,» ուր խաղացողները կը բարձրանան աստիճաններով, վար կ՚իջնեն սահնակներով, եւ որ ծնունդ առած է Ք.Ա. 2000 թուականներուն Հնդկաստանի մէջ։
Սակայն «Հայրենի Լեռներ եւ Գետեր» խաղը հայկական իր կնիքը ունի, որովհետեւ հոն խաղացողները կը յառաջանան բարձր թիւեր հայկական լեռներով մինչեւ հասնին Արարատ լեռ։ Իսկ կ՚իջնեն վար կամ նուազ թիւեր հայկական գետերով։ Բացի խաղի հիմնական կանոններուն, երբ Հայաստանի տեսարժան վայրի մը վրայ խաղաքարը հասնի, խաղացողը կը ստանայ 1 յաւելեալ առիթ խաղալու եւ աւելի եւս յառաջանալու կամ յետադարձելու։
Այս խաղին մէջ ընդգրկուած տեսարժան վայրերն են կասկադ Համալիրը, Մայր Հայաստանի, Մեսրոպ Մաշտոցի, Հայկ Նահապետի, Սասունցի Դաւիթի արձանները, Ս. Էջմիածինի Մայր Տաճարը, Ծիծեռնակաբերդի եւ Սարդարապատի Յուշահամալիրները, Այբուբենի Պուրակը եւ Սեւանայ Լիճը։
Օգտագործուած լեռներն են՝ Արարատ, Արագած, Արա, Խուստուփ, Հատիս, Վարդենիս, Գեղամայ լեռնաշղթայ-Աժտահակ, Ծաղկունեաց-թեղենիս, Սիւնեաց լեռնաշղթայ-կապուտջուղ։
Օգտագործուած գետերն են՝ Ձորագետ, Բամպակ, Քասախ, Արփա, Որոտան, Հրազդան, Դեպեդ, Արաքս, Ախուրեան։
Յաղթական կը համարուի ան, որ առաջին անգամ կը հասնի Արարատ լեռ 100րդ քառակուսիին վրայ։
Խաղի տուփը ունի նաեւ դաստիարակչական երկլեզու բաժին մը, որ կը փոխանցէ հայաստանի որոշ աշխարհագրական տեղեկութիւններ, յատկապէս լեռներու եւ գետերու մասին։ Այս խաղը նախատեսուած է 3 տարեկանէն սկսեալ մասնակիցներու։
«Յոյսով եմ, որ այս խաղը ոչ միայն հաճելի ժամանց կը պարգեւէ մասնակիցներուն, այլ նաեւ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ հայաստանի աշխարհագրութեան եւ իր գեղատեսիլ բնութեան հանդէպ։» կ՚ըսէ հեղինակը։ « Յոյսով եմ նաեւ, որ այս խաղը մաս կը կազմէ Կաղանդի եւ նոր տարուան նուէրներու ցանկին» կ՚աւելցնէ ան։
Գծագրութիւնները համագործակցութեան արդիւնքն են հայաստանաբնակ գծագրական կերպարուեստի մասնագէտ՝ Քրիստ Պետոյեանին հետ, որ նաեւ նկարազարդած է «Լորին եւ նարեկը» մատենաշարի վերջին 4 գիրքերը։ Այս մատենաշարի առաջին գիրքը՝ «Լորիկը եւ Ծիլիկը» Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեանը հրատարակած է 25 տարիներ առաջ։ Ան երկար տարիներէ ի վեր կը պաշտօնավարէ Շ. եւ Է. Մերտինեան Վարժարանէն ներս դասաւանդելով Հայերէն լեզու, մշակոյթ եւ թատրոն։
Խաղը կարելի է ձեռք ձգել Ապրիլ եւ Սարդարապատ գրախանութներէն կամ կապուելով հեղինակին հետ էլ հասցէով [email protected].