Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Անցեալ Տարի Հայաստան Այցելած Է Շուրջ 2 Միլիոն 215 Հազար Զբօսաշրջիկ, Նուազած Է Միայն ՌԴ-էն Եկած Զբօսաշրջիկներու Թիւը

Անցեալ Տարի Հայաստան Այցելած Է Շուրջ 2 Միլիոն 215 Հազար Զբօսաշրջիկ, Նուազած Է Միայն ՌԴ-էն Եկած Զբօսաշրջիկներու Թիւը

by MassisPost

Անցեալ տարի Հայաստան այցելած է  շուրջ 2 միլիոն 215 հազար զբօսաշրջիկ, նուազած է միայն Ռուսաստանէն եկած զբօսաշրջիկներու թիւը:  2024 թուականի աշխատանքները ամփոփող ասուլիսին այս մասին ըսաւ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան:

«2024-ին ունեցել ենք մօտ 2 միլիոն 215 հազար զբօսաշրջիկ, սա 2023-ի ցուցանիշի նկատմամբ մօտ 7 տոկոսով նուազել է»,- ըսաւ Պապոյեան:

Նախարարին խօսքով՝ օրինակ՝ Հնդկաստանէն, ԱՄԷ-էն, Վրաստանէն, Իրանէն, Ֆրանսայէն, Չինաստանէն, Հարաւային Քորէայէն զբօսաշրջիկներու թիւն աւելցած է:

Պապոյեան նաեւ շեշտեց, որ կառավարութեան թիրախն է 2026-ի համար տարեկան ունենալ 2,5 միլիոն զբօսաշրջիկ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment