Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուա Երեւանի Կողմէ ԵՄ-ին Անդամակցելու Գործընթացի Քննարկումը Կը Դիտարկէ Իբրեւ ԵԱՏՄ-էն Ելքի Սկիզբ

Մոսկուա Երեւանի Կողմէ ԵՄ-ին Անդամակցելու Գործընթացի Քննարկումը Կը Դիտարկէ Իբրեւ ԵԱՏՄ-էն Ելքի Սկիզբ

by MassisPost

Ռուսաստանը Հայաստանի կողմէ Եւրոմութեան անդամակցելու գործընթացի քննարկումը կը դիտարկէ որպէս Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն ելքի սկիզբ, յայտնած է ՌԴ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք՝ խօսելով ՀՀ կառավարութեան հաւանութեան արժանացած օրինագիծին մասին:

Ռուսաստանը Հայաստանի հետ իր տնտեսական քաղաքականութիւնը պիտի կառուցէ այդ հանգամանքը հաշուի առնելով, ըսած է Օվերչուք:

Միաժամանակ, ընդգծած է ՌԴ փոխվարչապետը, ատիկա Հայաստանի ինքնիշխան ընտրութիւնն է, որուն իրաւունքը երկիրը ունի:

Ըստ Օվերչուքի՝ Հայաստանի մուտքը Եւրոմիութիւն անհամատեղելի է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան երկրի անդամակցութեան հետ: Ան համոզմունք յայտնած է, որ ԵԱՏՄ-ի հետ կապերու դադրեցման պարագային երկրին մէջ պիտի աճին ուժանիւթի եւ սննդամթերքի գիները, 70-80 տոկոսով պիտի կրճատուի արտահանումը:

ԵՄ-ն եւ ԵԱՏՄ-ն կ’ենթադրեն մաքսային սահմաններու բացակայութիւն եւ ապրանքներու, ծառայութիւններու, դրամագլուխի եւ աշխատուժի ազատ տեղաշարժ, հետեւաբար պատկերացնել, որ այդ երկու միութիւնները կրնան ընդհանուր կէտ ունենալ, անհնար է, ТАСС գործակալութեան փոխանցմամբ՝ ըսած է Օվերչուք:

«Այդպիսով, սովորական մարդիկ պիտի կորսնցնեն եկամուտներ, աշխատանք եւ պիտի սկսին աւելի շատ վճարել ամենաանհրաժեշտի համար: Փոխարէնը, անոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ստանան առանց վիզայի ճամբորդելու հնարաւորութիւն, իսկ Հայաստանը պիտի զրկուի բնակչութենէն», – կանխատեսած է ՌԴ փոխվարչապետը:

Յիշեցնենք, Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի օրէնքի նախագիծին։ Անոր հեղինակները արեւմտամէտ «Եւրաքուէ»-ի անդամներն են։ Անոնք օրինագիծը Ազգային ժողով մտցնելու համար մինչեւ անցեալ տարուայ Նոյեմբեր հաւաքած էին օրէնքով անհրաժեշտ 50 հազարէն աւելի՝ 60 հազար ստորագրութիւն։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց՝ օրինագիծի ընդունումը չի նշանակեր Եւրոմիութեան անդամակցութիւն՝ այդ հարցով անհրաժեշտ է հանրաքուէ կատարել։

Մինչ այդ, օրինագիծը դեռ պէտք է քննարկուի Ազգային Ժողովին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment