Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Կարեւոր Կը Համարենք Վարչապետ Փաշինեանի Դրական Ուղերձները Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղութեամբ». Թուրքիոյ ԱԳ Նախարար

«Կարեւոր Կը Համարենք Վարչապետ Փաշինեանի Դրական Ուղերձները Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղութեամբ». Թուրքիոյ ԱԳ Նախարար

by MassisPost

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար  Հաքան Ֆիտան կարեւոր  համարած է ՀՀ  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձները Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու  վերաբերեալ։

«Մեր տարածաշրջանին մէջ բացուած է պատմական հնարաւորութիւններու պատուհան՝ ամուր խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման համար: Ես կը հաւատամ, որ Հայաստանը նոյնպէս պիտի գործէ երկարաժամկէտ ռազմավարական ընկալմամբ։

«Կարեւոր կը համարենք վարչապետ Փաշինեանի դրական ուղերձները այս ուղղութեամբ: Մենք կ’արձանագրենք, որ ան կ’արտայայտէ խաղաղութեան օգտին դիրքորոշում, կը նպաստէ այս գործընթացին մէջ դրական յառաջընթացին։ Անքարա կը շարունակէ նպաստել կողմերուն միջեւ առանց միջնորդներու երկկողմ բանակցութիւններուն։ Խաղաղութեան հաստատումը իր հետ պիտի բերէ մեր տարածաշրջանին մէջ զարգացման նմանը չունեցող նոր հնարաւորութիւններ»,- ըսած է Ֆիտան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment