Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքական հարցերով բարձր ներկայացուցիչը առաջարկած է եւս երկու տարիով երկարաձգել Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքակացիական առաքելութեան տեղակայումը, «Ազատութեան» յայտնած են բարձ ներկայացուցիչի մամուլի գրասենեակէն։
«Անդամ երկիրները ողջունած են առաջարկը եւ այս պահին կը քննարկեն անհրաժեշտ օրինական արձանագրութիւնները՝ Եւրոմիութեան Խորհուրդի համապատասխան մարմիններուն հետ։ Երկարաձգման շուրջ Խորհուրդին որոշումը կը սպասուի յառաջիկայ օրերուն»,- նշուած է «Ազատութեան» տրամադրուած գրաւոր պատասխանին մէջ։
Պաքու ամիսներ շարունակ առաքելութիւնը կը մեղադրէ լրտեսութեան եւ տարածաշրջանի կայունութիւնը խախտելու մէջ։
Բարձր ներկայացուցիչին գրասենեակէն այս մեղադրանքներուն ի պատասխան ըսած են. «Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան առաքելութեան մանտաթը շատ յստակ է՝ դիտարկել եւ զեկուցել տեղւոյն՝ հողի վրայ Հայաստանի կողմէ հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակը եւ նպաստել հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հարցին մէջ Եւրոմիութեան ջանքերուն: Դիտորդական առաքելութեան տեղակայումէն ի վեր զինուած միջադէպերուն թիւը սահմանամերձ տարածքներուն մէջ զգալիօրէն նուազած է։ Ինչպէս յայտնի է, ԵՄ-ն Ատրպէյճանին պարբերաբար կը տեղեկացնէ առաքելութեան գործունէութեան մասին»։