Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի յայտարարութեան, թէ Ռուսաստան աջակցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն:
Պաքուէն անհիմն, սադրիչ եւ անընդունելի որակած են Մաքրոնի խօսքերը։ Ատրպէյճանի ԱԳՆ խօսնակը Փարիզը մեղադրած է հայամէտ քաղաքականութեան, Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը իբր կասկածի տակ դնելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ պաշտպանական ոլորտին մէջ գործակցելու համար:
«Ֆրանսայէն կը պահանջենք ձեռնպահ մնալ քայլերէ, որոնք չեն նպաստեր խաղաղութեան, այլ կը նպաստեն տարածաշրջանի ապակայունացման»,- յայտնած է Այխան Հաճիզատէն։
«Մենք կը պահանջենք, որ Ֆրանսան վերջ տայ այն քայլերուն, որոնք չեն ծառայեր խաղաղութեան եւ կը խաթարեն կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ»,- կ’ըսուի Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէի մեկնաբանութեան մէջ։
«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք Ֆրանսայի նման սադրիչ յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի տակ կը դնեն Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը անոր տարածքներուն նկատմամբ, Հայաստանը կը նախապատրաստեն վրէժխնդրութեան եւ կ’իրականացնէ այս երկրի լայնածաւալ զինում այն ժամանակ, երբ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան համար իրական պայմաններ կը ստեղծուին»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Դիւանագէտներու համաժողովին անդրադարձած է նաեւ ԼՂ խնդիրին ու անոր մէջ ՌԴ դերակատարութեան։ Ան յայտնած է, թէ Ռուսաստանը «փոխած է իր դաշնակիցը» եւ Ղարաբաղի մէջ աջակցած է Ատրպէյճանի գործողութիւններուն՝ «յարձակում իրականացնելով Հայաստանի դէմ։ Եւ այդ տեղի ունեցած է այն պատճառով, որ հայերը չեն ենթարկուած իրեն»,- ըսած է Մաքրոն։