Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստան Առաքուած Զէնքերը Պէտք Է Վերադարձուին, Սա Մեր Պայմանն Է»․ Ալիեւ

«Հայաստան Առաքուած Զէնքերը Պէտք Է Վերադարձուին, Սա Մեր Պայմանն Է»․ Ալիեւ

by MassisPost

Պաքու կրկին կը պնդէ Երեւանի նկատմամբ պահանջները՝ Մինսքի խումբի լուծարում, Սահմանադրութեան փոփոխութիւն, առանց անոնց իրագործման, ըստ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, անհնար է խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել։

«Յոյսով եմ, որ խաղաղ պայմանագրի հետ կապուած մեր բոլոր պայմանները կ’ընդունուին, քանի որ անոնց մէջ որեւէ արտառոց բան չկայ»,- APA գործակալութեան փոխանցմամբ, տեղական լրատուամիջոցներու հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է Ալիեւ։

«Եթէ Հայաստանին խաղաղութեան պայմանագիր պէտք չէ, ապա այն մեզի ալ պէտք չէ։ Մենք կրնանք ապրիլ եւ իրականացնել մեր քաղաքականութիւնը՝ առանց զայն ստորագրելու»,- նշած է Ալիեւ։

Երեւանը սահմանադրութիւնը փոխելու Պաքուի պահանջը Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտելու փորձ կ’որակէ, իսկ Մինսքի գործընթացի շարունակականութեան հարցը, ըստ պաշտօնական Երեւանի, կրնայ դիտարվուիլ առաջին հերթին՝ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ծիրին մէջ։ Այսինքն՝ Երեւանէն կ’ըսեն, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը պէտք է լուծարուի այն ժամանակ, երբ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագիրը արդէն ստորագրուած լինի։

Ալիեւ նաեւ յայտնած է, որ Ֆրանսան եւ Հայաստանին զէնք մատակարարող միւս երկիրները «պէտք է չեղեալ համարեն այդ պայմանագրերը»՝ պնդելով, որ «Հայաստան պէտք է անյապաղ դադրեցնէ զինուիլը»։

«Հայաստան առաքուած զէնքերը պէտք է վերադարձուին: Սա մեր պայմանն է, եւ ով ինչպէս կ’ուզէ, թող այնպէս ալ ընկալէ: Ես իմ խօսքս կ’ըսեմ, եւ անոնք, որոնք կանգնած են իրենց թիկունքին, գիտեն նաեւ, որ եթէ մենք ինչ-որ բան ըսենք, ապա նաեւ այդ ամէնուն շատ լուրջ կը վերաբերինք»,- նշած է Ատրպէյճանի նախագահը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment