Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը ԵՄ-ի Հետ Յառաջիկայ Ամիսներուն Կը Նախատեսէ Ստորագրել Գործընկերութեան Նոր Օրակարգ

Հայաստանը ԵՄ-ի Հետ Յառաջիկայ Ամիսներուն Կը Նախատեսէ Ստորագրել Գործընկերութեան Նոր Օրակարգ

by MassisPost

Հայաստանը Եւրոպական Միութեան հետ յառաջիկայ ամիսներուն կը նախատեսէ ստորագրել գործընկերութեան նոր օրակարգ։ Ամփոփիչ ասուլիսի ժամանակ այս մասին յայտնեց արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան։

«Եւրոպական Միութեան հետ շարունակում ենք քննարկել, եւ յուսով եմ՝ առաջիկայ ամիսներին կը ստորագրենք գործընկերութեան նոր օրակարգը։ Կարծում եմ, որ սա եւս մի ընդգրկուն փաստաթուղթ է»,- ըսաւ Միրզոյեան։

Անոր խօսքով՝ նախորդ տարի Եւրոպական Միութեան հետ ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն եւ մեկնարկեց վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը։ «Սայ կարեւոր առաջընթաց էր»,- նշեց Միրզոյեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment