ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետը խորհրդանշական համարած է այն, որ Ահամատիանը արտերկրեայ բարձրաստիճան առաջին պաշտօնեան է, որ նոր մեկնարկած տարուան մէջ կ’այցելէ Հայաստան, եւ յաւելած է, որ այդ կ’ընդգծէ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը եւ խոր բնոյթը:
Նիկոլ Փաշինեան յաւելած է, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ առկայ է մէկ երաշխիք, որ անսասան է. Հայաստանն ու Իրանը իրարու կապուած են բնական շահերով:
Վարչապետը շեշտած է ՀՀ կառավարութեան շահագրգռուածութիւնը՝ հետեւողականօրէն զարգացնելու եւ ընդլայնելու երկկողմ փոխգործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով:
Ալի Աքպար Ահմատիան շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ վարչապետ Փաշինեանին փոխանցած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի ջերմ ողջոյնները:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղարը շեշտած է, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առկայ քաղաքակրթական հարուստ անցեալը եւ երկու ժողովուրդներուն միմջեւ ջերմ շփումները վստահութիւն կը հաղորդեն, որ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի ամրապնդուիլ եւ խորանալ:
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու յարաշարժ զարգացման վերաբերող հարցեր եւ համոզմունք յայտնած, որ կողմերը ունին համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ, այդ շարքին՝ արհեստագիտութիւններու, արդիւնաբերութեան, ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու, ճանապարհաշինութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ:
Կարեւորուած է Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման ուղղութեամբ իրանեան կողմին հետ փոխգործակցութեան զարգացումը: Կողմերը վստահութիւն յայտնած են, որ մայրուղիի կառուցումը նոր ազդակ պիտի հաղորդէ նաեւ երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան եւ բեռնափոխադրումներու ծաւալներու աւելացման:
Տարածաշրջանային փոխադրութեան հաղորդուղիներու ապաշրջափակման ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուած է ՀՀ Կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին: Ալի Աքպար Ահմատիան նշած է, որ Իրան կ’աջակցի վերոնշեալ նախագիծի իրականացման՝ անոր մէջ ամրագրուած սկզբունքներու հիման վրայ: