Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Անհնար Է Միաժամանակ Ըլլալ Ե՛ւ ԵԱՏՄ, Ե՛ւ ԵՄ Անդամ». Փեսքով՝ ՀՀ Կառավարութեան Որոշման Մասին

«Անհնար Է Միաժամանակ Ըլլալ Ե՛ւ ԵԱՏՄ, Ե՛ւ ԵՄ Անդամ». Փեսքով՝ ՀՀ Կառավարութեան Որոշման Մասին

by MassisPost

ԵԱՏՄ-ին անդամակցութիւնը իրական օգուտներ կը բերէ Հայաստանին, բայց անհնար է միաժամանակ ըլլալ այս միութեան եւ ԵՄ անդամ։ Այս մասին լրագրողներուն ըսած է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«Հայաստանը ԵԱՏՄ անդամ է, ընդ որում՝ ԵԱՏՄ-ին այս անդամակցութիւնը, իրերն իրենց անուններով կոչելով, շատ-շատ դրական միաւորներ կու տայ Հայաստանին՝ որպէս պետութիգն, ինչպէս նաեւ այդ երկրի ժողովոգրդին։ Մասնաւորապէս, աճի բարձրացումը երկրին մէջ կը չափուի տոկոսներով՝ կապուած ԵԱՏՄ-ին անդամակցութեան հետ եւ այլն»,- ըսած է Փեսքով։

Անոր կարծիքով՝ առայժմ դժուար է ըսել, թե ինչ կը նշանակէ ԵՄ-ին  անդամակցելու  Հայաստանի  ձգտումը, պէտք է տեսնել, թէ ինչ «շեշտադրումներ» պիտի ըլլան հայկական կողմէ:

«Ի հարկէ,  երկու  տարբեր  կազմակերպութիւններու  անդամ  ըլլալը,  ենթադրական  դատելով, ուղղակի անհնար է։ Այստեղ կայ մէկ մաքսային տարածք, մէկ գօտի՝ ապրանքներու եւ ծառայութիւններու, մարդոց եւ դրամագլուխի տեղաշարժի համար։ Այնտեղ կանոնները  տարբեր  են»,- նշած է Փեսքով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment