Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ-էն Տեղահանուածներուն Եւ Ընկերային Գետնի Վրայ ՀՀ Անապահով Ընտանիքներուն Պիտի Տրամադրուի Նպատակային Դրամական Աջակցութիւն

ԼՂ-էն Տեղահանուածներուն Եւ Ընկերային Գետնի Վրայ ՀՀ Անապահով Ընտանիքներուն Պիտի Տրամադրուի Նպատակային Դրամական Աջակցութիւն

by MassisPost

ՀՀ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը՝ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի եւ Գերմանիոյ Դաշնային Արտաքին գործերու գերատեսչութեան աջակցութեամբ ԼՂ-էն տեղահանուած եւ ընկերային գետնի վրայ ՀՀ անապահով ընտանիքներուն պիտի տրամադրէ միանուագ նպատակային դրամական աջակցութիւն․ այն շահառու ընտանիքներուն պիտի փոխանցուի ելեկտրոնային վճարային համակարգի (e-քարտերի) միջոցով։

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ 2024-2025 թթ. ընթացքին աջակցութիւնը պիտի տրամադրուի 4000 ընտանիքի, մասնաւորապէս՝ երեխաներ ունեցող ընտանիքներուն, յղի կիներու, նորածին երեխաներ ունեցող ընտանիքներուն, հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներուն, միածնող ընտանիքներուն, ընկերա-տնտեսական խնդիրներու պատճառով պարտադիր կրթութենէ դուրս մնացած երեխաներուն, հրատապ կարիք ունեցող, սակայն  պետական ընկերային ծրագրերու շահառու չհանդիսացող ընտանիքներուն։

Շահառու ընտանիքները ընտրուած են Միասնական ընկերային ծառայութեան տարածքային կեդրոններուն կողմէ՝ կարիքներու համալիր գնահատման գործիքով։ Ըստ այդմ, իւրաքանչիւր ընտանիքի պիտի տրամադրուի հետեւեալ եօթը e-քարտերէն երեքը՝ Ամանորեայ (50.000 դրամ), Երեխայի խնամք (40.000 դրամ), Հագուստ եւ կօշիկ (25.000 դրաշ), Առողջապահական (25.000 դրամ), Վերադարձ դպրոց (60.000 դրամ), Յարմարաւէտ կենցաղ (60.000 դրամ) եւ Հրատապ սնունդ (11.000-44.000 դրամ):

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment