Յայտնի են Հայաստանի 2024 թուականի տարուայ լաւագոյն մարզիկներուն եւ միւս անուանակարգերուն մէջ յաղթողներուն անունները:
ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը կատարեց «Մարմնամարզի ոլորտին մէջ տարուայ լաւագոյններու ընտրութիւն» մրցոյթը, որու քուէարկութեան մասնակցեցաւ 19 մարզական լրագրող: Ըստ նոր կարգին՝ այս տարուայ քուէարկութեան կը մասնակցին միայն մարզական լրագրողները:
Հայաստանի լաւագոյն երեք մարզիկներն են` Վարազդատ Լալայեան, Արթուր Դաւթեան, Արթուր Ալեքսանեան:
Լաւագոյն կին մարզիկը Ալեքսանտրա Գրիգորեանն է:
Հաշմանդամութիւն ունեցող լաւագոյն մարզիկը Կրեթա Վարդանեանն է:
Լաւագոյն խումբը` ՖԻՏԷ-ի կողմէ Հայաստանի շախմատի տղամարդոց խումբն է:
Լաւագոյն երիտասարդ մարզիկ` Էմմա Պօղոսեան:
«Վերադարձ մեծ մարմնամարզ» անուանակարգին մէջ յաղթողը Հռիփսիմէ Խուրշուտեանն է:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը լաւագոյնս հանրահռչակած մարզիկը Հենրիխ Մխիթարեանն է:
Լաւագոյն մարզիչը Յակոբ Սերոբեանն է:
Հանդիսատեսի համակրանքին արժանացած մարզիկներն են.
Առցանց քուէարկութեան արդիւնքով Լալայեան ստացած է 1778 ձայն: Ան պիտի պարգեւատրուի յուշանուէրով եւ հաւաստագրով:
Երկրորդ տեղը զբաղեցուցած է ծանրորդ Գոռ Սահակեանը՝ 1567 ձայնով, իսկ լաւագոյն եռեակը եզրափակած է ըմբիշ Մալխաս Ամոյեանը՝ 489 ձայնով:
5 օրուայ ընթացքին քուերարկութեան աւելի քան 6100 օգտատէր մասնակցած է: Ընդ որում՝ իւրաքանչիւր օգտատէր քուէարկութեան մասնակցած է մէկ անգամ: